ՕԹԱՆ դատապարտած է Քոսովոյի մէջ սերպ քաղաքական գործիչ Օլիվըր Իվանովիչի սպանութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»` վկայակոչելով «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:
ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի մամլոյ բանբեր Օանա Լունկեսքու նաեւ շեշտած է, որ անկախ ամէն բանէ, Քոսովոյի մէջ ՕԹԱՆ-ի ուժերը պիտի շարունակեն ապահովել շրջանային անվտանգութիւնը:
ՕԹԱՆ-ի պաշտօնատարը միեւնոյն ժամանակ Սերպիոյ եւ Քոսովոյի կոչ ուղղած է շարունակելու երկխօսութիւնը:
«ՕԹԱՆ կը դատապարտէ Օլիվըր Իվանովիչի սպանութիւնը: Մենք բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք զսպուածութիւն ցուցաբերելու, որպէսզի նուազի լարուածութիւնը եւ դատական իշխանութիւններուն համար լիարժէք կարելիութիւն ստեղծուի հետաքննելու այդ յանցագործութիւնը», ըսած է Լունկեսքու:
Ան նաեւ շեշտած է, որ Քոսովոյի անվտանգութեան ապահովման ՕԹԱՆ-ի «ՔԷՅՖՈՐ» ուժերը պիտի շարունակեն երկրին մէջ իրենց գործունէութիւնը:
Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչ ահաբեկչութիւն որակած է «Ազատութիւն, ժողովրդավարութիւն, ճշմարտութիւն» քաղաքացիական նախաձեռնութեան ղեկավար Օլիվըր Իվանովիչի սպանութիւնը:
«Օլիվըր Իվանովիչի սպանութիւնը ահաբեկչական գործողութիւն է, եւ մենք ատոր հետ պիտի վերաբերինք իբրեւ ահաբեկչական գործողութիւն», ըսած է ան: Սերպիոյ նախագահը նաեւ սպանութիւնը նկատած է հարուած Քոսովոյի հիւսիսը ապրող սերպ ժողովուրդին: «Օլիվըր Իվանովիչի դէմ կատարուած յարձակումը, առաջին` յարձակում է Քոսովոյի եւ Մեթոքիոյ հիւսիսի սերպ ժողովուրդին դէմ: Երկրորդ` ատիկա յարձակում է ամբողջ Սերպիոյ դէմ», յայտարարած է նախագահը:
Վուչիչ նաեւ Քոսովոյի մէջ գործող Եւրոպական եւ ՄԱԿ-ի առաքելութիւններուն կոչ ուղղած է` ապահովելու Սերպիոյ պետական մարմիններուն մասնակցութիւնը Իվանովիչի սպանութեան հետաքննութեան:
Քոսովոյի ղեկավար Հաշիմ Թաչի իր կարգին դատապարտած է սերպ գործիչին սպանութիւնը: «Ապահովական մարմիններուն կոչ կ՛ուղղեմ` կարելի եղածին չափ արագ հետաքննելու անոր սպանութեան հանգամանքները, իսկ յանցագործութիւնը կատարած անձերը պէտք է կանգնին օրէնքին առջեւ», ըսած է Թաչի: Ան նաեւ Քոսովոյի հիւսիսի բոլոր համայնքներու բնակիչներուն կոչ ուղղած է` համագործակցելու ապահովական մարմիններուն հետ յանցագործութիւնը առաւելագոյնս արագ հետաքննելու համար:
Քոսովոցի սերպերու ղեկավարներէն մէկուն ահաբեկումը կատարուած է 16 յունուարի առաւօտեան, երբ ան մուտք կը գործէր իր ղեկավարած «Ազատութիւն, ժողովրդավարութիւն, ճշմարտութիւն» կուսակցութեան շէնքը: Իվանովիչի սպանութեան առնչութեամբ Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչ երկրի Անվտանգութեան խորհուրդի արտակարգ նիստ գումարած է, իսկ Սերպիոյ նախարարաց խորհուրդին առընթեր Քոսովոյի եւ Մեթոքիոյ գործերու դիւանատան ղեկավար Մարքէ Ճուրիչ յայտարարած է, որ սերպական պատուիրակութիւնը կը դադրեցնէ Պրիւքսելի մէջ Փրիշթինայի հետ երկխօսութիւնը եւ կը վերադառնայ Պելկրատ:



