Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնը ուրբաթ, 26 յունուարին, յատուկ ձեռնարկի մը ընթացքին կը կատարէ 2017 տարուան մրցանակաբաշխութիւնը բոլոր այն մարզիկներուն եւ աթլեթներուն, որոնք տարբեր տեսակի տիտղոսներու տիրացան եւ գրաւեցին մրցանակային դիրքեր:
Պիտի պարգեւատրուին նաեւ միջազգային մրցաշարքերու եւ ախոյեանութիւններու ընթացքին տիտղոսներու եւ մետալներու տիրացած մարզիկները:


