Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) տեղի ունեցած յատուկ ձեռնարկի մը ընթացքին Լիբանանեան բանակը ամբողջացուց 2017-ի իր մարզական տարեշրջանը եւ ներկայացուց իր զինուորականներուն կատարած իրագործումներն ու նուաճումները, ապա կատարեց մրցանակաբաշխութիւնը:
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մարզական բաժանմունքի յանձնախումբի նախագահ Մոհամետ Աուայտաթ, որ կը ներկայացնէր Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշը, զինուորական բարձրաստիճան պատասխանատուներ:
Նախքան մրցանակաբաշխութիւնը, բոլոր ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին Լիբանանեան բանակին տուած բոլոր զոհերուն յիշատակը:



