Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի Ռէալ Սոսիետատի դէմ տեղի ունեցած «Լա լիկա»-ի մրցումին (19-րդ հանգրուան) նշանակեց իր կազմին չորս կոլերէն մէկը:
30 տարեկան Մեսսի, որ այսպիսով Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն նշանակեց իր 366-րդ կոլը, գերազանցեց գերմանացի յառաջապահ Կերթ Միւլըրի հաստատած մրցանիշը` Եւրոպայի հինգ կարեւոր ախոյեանութիւններէն (Անգլիա, Սպանիա, Գերմանիա, Իտալիա, Ֆրանսա) մէկուն ընթացքին իր նշանակած կոլերուն ցուցանիշով: Միւլըր Պայէրն Միւնիխի հետ Գերմանիոյ «Պունտըսլիկա»-ի 427 մրցումի ընթացքին նշանակած է 365 կոլ:
Մեսսի 366 կոլ նշանակեց 104 մրցումի ընթացքին:



