Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաշիր Խտըր Ողջունեց Պաալպեք-Հերմելի Ապահովական Գործողութիւննեը

January 15, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն շաբաթավերջին ընդունեց Պաալպեք-Հերմելի նահանգապետ Պաշիր Խտըրը, որուն հետ քննարկեց շրջանին մէջ տիրող ապահովական կացութիւնը` «Բարձունքներու արշալոյս»-ը գործողութենէն ետք:

Խտըր շնորհակալութիւն յայտնեց զօր. Աունին Պաալպեք-Հերմելի մէջ բանակին գործադրած ապահովական վերջին գործողութիւններուն համար, որոնց ընթացքին ձերբակալուած էին մեծ թիւով յանցագործներ:

Ան հաստատեց նման գործողութիւնները շարունակելու կարեւորութիւնը, յատկապէս արեւելեան լեռնաշղթան ահաբեկչութենէ եւ ահաբեկիչներէ մաքրագործելէ ետք:

Զօր. Աուն իր կարգին յայտնեց, որ հիւսիսային Պեքաայի ապահովութիւնը առաջնահերթութիւն է, եւ բանակը պիտի շարունակէ իր գործողութիւնները, մինչեւ որ կարելի ըլլայ այդ շրջանի բնակչութեան ապահովութիւնը եւ անվտանգութիւնը երաշխաւորել:

Բանակի հրամանատարը աւելցուց, որ այդ շրջանին մէջ ապահովական կացութեան բարելաւումը դրական դրսեւորում պիտի ունենայ նահանգին տնտեսական եւ զբօսաշրջութեան բարգաւաճումին վրայ:

Միւս կողմէ, Խտըր նախագահեց նաեւ Պաալպեք-Հերմելի ապահովական խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան նահանգին մէջ իրագործուած գործողութիւններն ու տիրող ապահովական իրավիճակը:

Խտըր ողջունեց Պաալպեք-Հերմելի ապահովական գործողութիւնները, որոնք նահանգին մէջ կայունութիւնը ամրապնդած են եւ իրենց ազդեցութիւնը պիտի ունենան շրջանին զբօսաշրջական բարգաւաճումին վրայ:

 

Նախորդը

«Կը Մաղթենք, Որ ՄԱԿ Օժանդակէ Սուրիացի Տեղահանուածներու Ապահով Տունդարձին» Շեշտեց Նոհրա

Յաջորդը

Մուխթարայի Մէջ . Ժոմպլաթ Ռիչըրտի Հետ Քննարկեց Ընդհանուր Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.