Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիոյ Մէջ Ռուսական Ռազմակայանի Դէմ Յարձակումի Ժամանակ Երկինքին Վրայ Ամերիկեան Օդանաւ Նկատուած Է

January 11, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերջերս Սուրիոյ մէջ ռուսական Հմէյմիմ ռազմակայանին դէմ անօդաչու թռչող սարքերու օգտագործումով կատարուած յարձակումին ժամանակ օդային տարածքին մէջ հերթապահութիւն կատարած է ամերիկեան հետախուզական օդանաւ մը: Այս մասին կը հաղորդէ «Լենթա» կայքը` մէջբերելով Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութիւնը:

«Տարօրինակ զուգադիպութիւն է. ինչո՞ւ Սուրիոյ մէջ ռուսական ռազմական կառոյցներու դէմ ահաբեկիչներու անօդաչու թռչող սարքերու յարձակումին պահուն Միջերկրական ծովուն վերեւ 4 ժամէն աւելի 7 հազար մեթր բարձրութեամբ հերթապահութիւն կատարած է Միացեալ Նահանգներու ծովուժին պատկանող «Փոսայտըն» օդանաւը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ մեկնաբանած է Փենթակոնի յայտարարութիւնը բաց շուկայի վրայ հասանելի այնպիսի ճարտարագիտութիւններու մասին, որոնք օգտագործուած են ռուսական ռազմակայանին դէմ յարձակումը կատարելու ընթացքին:

«Ի՞նչ ճարտարագիտութիւններու մասին է խօսքը, ո՞ւր կը գտնուի տուեալ «շուկան» եւ ի՞նչ գաղտնի սպասարկութիւններ կը զբաղին տիեզերական հետախուզութեան տուեալներու առեւտուրով», հարց տուած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

Նշենք, որ անօդաչու թռչող սարքերը 6 յունուարի գիշերը Թարթուսի մէջ ռուսական զինուորական կառոյցներու եւ Լաթաքիոյ Հմէյմիմ ռազմակայանին դէմ յարձակում գործած էին: Օրին հաղորդուած էր, որ ռուսական պատերազմական օդանաւեր վնասուած են, սակայն, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքեց այդ լուրը:

 

Նախորդը

Պատմաքաղաքական Զիկզակներ. Հիւսէյն Նիհալ Աթսըզը Թրքութեան Գաղափարախօս, Ցեղապաշտութեան Եւ Ազգայնամոլութեան Մարմնացում

Յաջորդը

«Թուրքերը Թալանած Են Մետինան» Կ՛ըսէ Շէյխ Ապտալլա

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.