Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կարճ Լուրեր` Լիբանանեան Մարզաշխարհէն

January 4, 2018
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԲԱՆԱՆԻ պասքեթպոլի ազգային խումբերու յանձնախումբին կողմէ առաջադրուած են շարք մը թեկնածուներու անուններ, որոնցմէ մէկը հաւանաբար նշանակուի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբի նոր մարզիչ:

Այդ անուններն են` Փաթրիք Սապա, Ճօ Մուժահես, Մարուան Խալիլ եւ Ահմետ Ֆարրան:

Լիթուանացի մարզիչ Ռամոնաս Փոթաութաս իր պայմանագրութիւնը խզեց ֆետերասիոնին հետ` իր վերջին երկու ամսականները չգանձելէ ետք (20 հազար ամերիկեան տոլար):

Յայտնենք, որ Լիբանան շուտով պէտք է ունենայ իր նոր մարզիչը` նկատի ունենալով, որ յառաջիկայ ամիս Սուրիոյ դէմ մրցում մը ունի կատարելիք Պէյրութի մէջ, Ասիոյ ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ:

Թերել Սթոկլին

ԿԸ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԻ, որ ամերիկացի պասքեթպոլիստ Թերել Սթոկլին միանայ Սաժեսին` իր մասնակցութիւնը բերելու համար 17-25 յունուարին տեղի ունենալիք Տուպայի (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) 29-րդ միջազգային մրցաշարքին:

Ան այս մրցաշարքին պիտի մասնակցի իբրեւ լիբանանցի մարզիկ` Աթեր Մաճոքի եւ Ճէյ Եանկպլատի կողքին, որոնք եւս լիբանանեան անցագիրներ ունին:

Ըստ այս մրցաշարքի օրէնքներուն, դաշտին վրայ մրցումին կրնան մասնակցիլ միայն երկու օտարականներ:

Անսարի նոր մարզիկը` Թէօ Լուիս Ուիքս

ԱՅՆՊԷՍ կը թուի, որ Լիբանանի ֆութպոլի ձմեռնային արձակուրդին տեղի ունեցած փոխանցումներուն ընթացքին, մեծագոյն եւ կարեւոր փոխանցումը կատարեց Անսար, որ իր կազմին միացուց Լիպերիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ` Թէօ Լուիս Ուիքսը (27 տարեկան), որ Անսարի մէջ այսպիսով կը փոխարինէ սենեկալցի Թալա Նտայը:

Ուիքս իր մասնակցութիւնը բերած է Փորթուգալի, Կիպրոսի եւ այլ երկիրներու ախոյեանութեան:

ՀԱԿԱՌԱԿ անոր որ Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն արժանթինցի մարզիկ Լուքաս Կալան թեթեւ վնասուածք ստացած է եւ ապաքինումի ընթացքին մէջ է, այսուհանդերձ Շապապ Արապիի չեխ մարզիչ Լիպոր Պալա որոշեց իր կազմին միացնել Կալանը, որ նախապէս մաս կազմած է Սալամ Զղարթայի եւ Անսարի:

Նախորդը

«Լ՛Էքիփ»-ի 2017 Տարուան Խորհրդանշական Հաւաքականը

Յաջորդը

Հուփսի Ֆութպոլի Կրտսերներու Խումբը Աւարտեց Իր Բանակումը

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Սանթրալ – ՀՄԸՄ` 90-75
Մարզական

Պասքեթպոլ. Սանթրալ – ՀՄԸՄ` 90-75

November 2, 2026
Քարաթէ.  Հայաստան 4 Մետալ Կը Նուաճէ Գահիրէի Մէջ
Մարզական

Քարաթէ. Հայաստան 4 Մետալ Կը Նուաճէ Գահիրէի Մէջ

November 2, 2026
«Էմ. Էմ. Էյ.»  Ժան-Փոլ Պոսնոյեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին
Մարզական

«Էմ. Էմ. Էյ.» Ժան-Փոլ Պոսնոյեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.