Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն Եւ Անգարա Վերականգնեցին Մուտքի Արտօնագիրներու Տրամադրումը

December 30, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, թէ Միացեալ Նահանգներ կը վերականգնեն մուտքի արտօնագիրներու տրամադրումը Թուրքիոյ:

«Արտաքին գործոց նախարարութիւնը վստահ է, որ անվտանգութեան հետ կապուած կացութիւնը զգալիօրէն բարելաւուած է, որպէսզի ամբողջութեամբ վերականգնուին Թուրքիոյ մէջ մուտքի արտօնութեան ծառայութիւնները: Բայց եւ այնպէս, մենք կը շարունակենք լուրջ մտահոգութիւններ ունենալ Թուրքիոյ մէջ մեր առաքելութեան տեղացի աշխատակիցներու դէմ գոյութիւն ունեցող մեղադրանքներու առնչութեամբ: Մենք մտահոգ ենք նաեւ գոյութիւն ունեցող դատական գործերու փաստով` Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներուն դէմ, որոնք ձերբակալուած են երկրին մէջ յայտարարուած արտակարգ դրութեան պայմաններուն մէջ», կ՛ըսուի  Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած է, որ իրենք պիտի շարունակեն կապի մէջ մնալ թուրք պաշտօնատարներու հետ` վերոնշեալ դէպքերուն սպառիչ լուծումներ տալու նպատակով:

Ի պատասխան ամերիկեան կողմի յայտարարութեան, թրքական կողմը եւս դիմած է նոյն քայլին:

Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները լարուած էին այն բանէն ետք, երբ թրքական իշխանութիւնները որոշում տուած էին ձերբակալելու Պոլսոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսութեան աշխատակիցը: Ատկէ ետք ամերիկեան կողմը յայտարարած էր մուտքի արտօնագիրներու հոլովոյթները սահմանափակելու մասին: Նոյնպիսի քայլով պատասխանած էր նաեւ թրքական կողմը:

Թրքական «Թի24» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Միացեալ Նահանգներու հետ մուտքի արտօնագիրի տրամադրման հոլովոյթի վերականգնումէն ետք հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընի հետ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւրի մը համաձայն, կողմերը քննարկած են հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր:

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներ Եւ Իսրայէլ Իրանի Վերաբերեալ Գաղտնի Համաձայնագիր Կնքած Են

Յաջորդը

Եգիպտոս. Հալուանի Մէջ Եկեղեցւոյ Մը Դէմ Ահաբեկչական Յարձակում

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.