Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

December 27, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ եւ Ս. Ծննդեան ու Նոր տարուան առիթով անոր փոխանցեց իր շնորհաւորութիւնները: Շէյխ Հասան մաղթեց, որ Լիբանանի նախագահական նստաշրջանը հեզասահութեամբ ընթանայ` ամրապնդելով լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը, ինչպէս նաեւ ամրապնդելով սահմանադրական հաստատութիւնները, բազմազանութիւնը, ազատութիւններն ու ժողովրդավարութիւնը:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան, լիբանանցիները շնորհաւորեց Ս. Ծննդեան եւ Նոր տարուան առիթով: Ան մաղթեց, որ ազգային գործը շարունակուի, որպէսզի կարելի ըլլայ ամրապնդել գործընկերութիւնը եւ իր պետութեան նկատմամբ լիբանանցիին վստահութիւնը վերադարձնել:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Եաագուպ Սարրաֆ ընդունեց նահատակ բանակային Մոհամետ Եուսեֆի հայրը` Հիւսէյն Եուսեֆ եւ նահատակ բանակային Խալետ Հասանի կինը: Հանդիպումին ընթացքին Սարրաֆ հաստատեց, որ անկարելի է մոռնալ բոլոր նահատակները, որոնց թափած արեամբ կարելի եղաւ երկրին նոր արշալոյս ապահովել:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս հաստատեց, որ Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնակատարութեան ուրախութիւնը պակասաւոր պիտի մնայ, եթէ Ահտ Թամիմի, անոր մայրն ու զարմուհին իսրայէլեան բանտերէն ազատ չարձակուին:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ ներկայիս կը գտնուինք այնպիսի ժամանակաշրջան մը, որուն ընթացքին ո՛չ միայն մեզի դիւրաւ հարուածելէ կը խուսափին, այլեւ` կը վարանին մեզի դէմ կենալէ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն միջեւ հաշտութիւնը մնայուն է եւ յարատեւող:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա հաստատեց, որ ոչ ոքի շահերուն կը ծառայէ կառավարական նոր տագնապի մը յառաջացումը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաժի Ղարիոս շեշտեց, որ Լիբանանէն դուրս բժշկութեան մարզին մէջ նորարութիւններ, ինչպէս` ախտաճանաչումներ կատարող ու նոր դարմաններ բացայայտող բժիշկներն ու մասնագէտները լիբանանցիներ են:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Նաուաֆ Մուսաուի շեշտեց, որ այս փուլին Լիբանանի քաղաքական կուսակցութիւնները կ՛ապրին երկփեղկում մը, որուն կողմերէն մէկը կարելի է կոչել` ազգային միասնականութեան քաղաքական ուժերու խմբաւորումը, որուն առաջնահերթութիւնն է պահպանել կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը, իսկ միւս կողմը` քաղաքացիական պատերազմի խմբաւորումը, որ պատրաստ է Լիբանանի մէջ գործադրելու շրջանային թէ միջազգային հրահանգներ:

ՊԵՏԱԿԱՆ անվտանգութեան ուժերը շաբաթավերջին հիւսիսային Պեքաայի մէջ ձերբակալեցին ՏԱՀԵՇ-ի օրինական պատասխանատուն:

ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար անհրաժեշտ նկատեց, որ Ելեկտրական ընկերութեան սարակներուն հարցերը լուծուին:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Պքերքէի աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ հանդիպումին ընթացքին հաստատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Սիասա» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել  Աունի Քուէյթ այցելութիւնը տեղի պիտի ունենայ յունուարի աւարտին:

 

 

Նախորդը

«Թուրքիան Եւ Ուքրանիան Յառաջիկայ Տարիներուն Եւրոպական Միութեան Անդամ Պիտի Չդառնան» Կ՛ըսէ Կապրիէլ

Յաջորդը

«2018-ը Լիբանանի Զբօսաշրջութեան Համար Խոստմնալից Տարի Մը Պիտի Ըլլայ» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.