Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժունիէի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի. «Հրաչ Եւ Ճինա Պոյաճեան» Դահլիճի Բացման Հանդիսութիւն

December 27, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկուշաբթի, 25 դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին, տեղի ունեցաւ նորակառոյց «Հրաչ եւ Ճինա Պոյաճեան» դահլիճի բացման հանդիսութիւնը:

Նորակառոյց դահլիճին բացումը կատարեցին առաջնորդ սրբազան հայրը եւ բարերար տէր եւ տիկին Հրաչ եւ Ճինա Պոյաճեան:

Բացման խօսքը արտասանեց Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ատենապետ Յակոբ Մեսրոպեան: Ան նշեց, որ մեծ ուրախութիւն է տօնական այս օրերուն ծիրին մէջ այսուհետեւ ծխական ժողովուրդը ընդունիլ այս նորակառոյց դահլիճին մէջ: Այս դահլիճին ստեղծումը թաղական խորհուրդի աշխատանքային դաշտին մէջ ամէնէն ցայտուն իրագործումներէն մէկը կը հանդիսանայ: Շինարարական աշխատանքը առիթ ընծայեց, որ ծխական շրջանը օժտուի պատշաճ գրասենեակով, արխիւանոցով եւ տարրական պէտքեր գոհացնող խոհանոցով մը:

Մեսրոպեան լուսարձակի տակ առաւ բարերար Հրաչ Պոյաճեանին անսակարկ նուիրումը, տրամադրուածութիւնը եւ իր անմիջական գործնական աջակցութիւնը,  որով կարելի դարձաւ այս ծրագիրին տեսլականը իրականութեան վերածել: Ան Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին անունով երախտագիտութիւն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բարերար Հրաչ եւ Ճինա Պոյաճեանին` նշելով, որ այս դահլիճը, որ նուիրուած է իրենց հանգուցեալ ծնողներուն յիշատակին, կու գայ յաւիտենական ձեւով իր դրոշմը ձգելու ծխական շրջանի պատմութեան մէջ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Հրաչ Պոյաճեանի անմիջական աջակից Արամ Պեքարեանին, որուն անխոնջ աշխատանքը կարելի դարձուց այս պերճախօս իրագործումը: Յակոբ Մեսրոպեան երախտագիտութիւն յայտնեց նաեւ ծխական շրջանի անդամ երկրաչափ Րաֆֆի Կէօվօղլանեանին, որ սիրայօժար կերպով սատարեց այս շինարարական աշխատանքի նախագիծին պատրաստութեան եւ անոր գործադրութեան:

Սրտի խօսք արտասանեց բարերար Հրաչ Պոյաճեան: Ան յայտնեց, որ անգամ մը եւս հաւաքուած ենք Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ սուրբ գմբէթի հովանիին տակ, եկեղեցւոյ մը, որ դարեր շարունակ եղած է  ու պիտի շարունակէ մնալ ամբողջ հայութեան եւ մանաւանդ սփիւռքահայութեան փրկութեան լաստը, աւիշ հայթայթող աղբիւրը եւ գոյութիւնը երաշխաւորող հիմնաքարն ու գլխաւոր սիւներէն մէկը: Ան ըսաւ, որ իրենք իրենց ծնողներէն այսպէս դաստիարակուած ու մեծցած են: Այս ծրագիրին նախաձեռնած են  պատուելու համար իր հանգուցեալ ծնողներուն  եւ հայ ընտանիք կազմած ու հայ եկեղեցւոյ շունչով զայն պահած ծնողներու յիշատակը: Իր խօսքի աւարտին ան երախտագիտութիւն յայտնեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին այս ծրագիրին հեզասահ եւ յաջող ընթացքին նեցուկ կանգնելուն համար: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներուն եւ թաղական խորհուրդին` իրենց օրհնութեան եւ աշխատանքներուն ժրաջան հետապնդումին համար: Նաեւ Շնորհակալութիւն յայտնեց Ճարտարագէտ Րաֆֆի Կէօվօղլանեանին եւ Արամ Պեքարեանին` իրենց անշահախնդիր եւ բծախնդիր  մօտեցումով աշխատանքները իրենց աւարտին հասցնելնուն համար:

Փակման եւ օրհնութեան խօսքը կատարեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Սրբազան հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց այս մեծ ծրագիրին յաջողութեան ի տես: Ան նշեց, որ վստահաբար այս գեղեցիկ սրահը եկեղեցւոյ կեանքին մէջ պիտի վերածուի հիւրընկալ անկիւնի մը: Մեր եկեղեցին ալ կամաց-կամաց իր նկարագիրով պէտք է մեր ժողովուրդին համար դառնայ աւելի հիւրընկալ: Ատիկա իրականութիւն կը դառնայ մեր աշխատանքով, ճիգով եւ քրտինքով: Պայմաններու բերումով օտար այս ափերուն վրայ կը գտնուինք, եւ մեր ժողովուրդը իր վաստակէն բաժին հանելով, քար առ քար կառուցեց իր սրբարաններն ու յարակից մասերը եւ այսօր ամէն սերունդ իր վաստակէն բաժին ընծայելով կը փորձէ այդ սրբարանները աւելի հիւրընկալ դարձնել մեր ժողովուրդին համար:

Առաջնորդ սրբազանը գնահատեց բարերար Հրաչ Պոյաճեանը այս ճիգին համար եւ մաղթեց, որ իր օրինակը գրաւիչ ըլլայ մեր ժողովուրդին: Ամէն մարդ իր վաստակէն պէտք է ընծայէ այն բոլոր ամրութիւններուն, որոնցմով պայմանաւորուած է մեր գոյութիւնը, ինչպէս` մեր եկեղեցիները, դպրոցները, ակումբները: Ան մաղթեց, որ այս միջավայրի գործունէութիւնը միշտ ուրախութեամբ լեցուն ըլլայ: Շահէ եպս. Փանոսեան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, որ երբ հաւատք ու ճիգ կայ,  Աստուծոյ օրհնութիւնը այս բոլորին մէջ ներկայ կ՛ըլլայ անկասկած:

Աւարտին առաջնորդ սրբազանը օրհնութեան աղօթք կատարեց նորակառոյց դահլիճին մէջ:

 

 

Նախորդը

Կազմակերպութեամբ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի Ս. Ծննդեան Համերգ

Յաջորդը

«Շուշի» Կոմիտէութեան Նախաձեռնութեամբ Ելեկտրածին Նոր Շարժակ Ունեցաւ Շրջանը

RelatedPosts

Խմբագրական.  Հայկական Աշխարհին Մէջ Լսելի՛ Ձայնը («Վանայ Ձայն»-ի 40-Ամեակին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Հայկական Աշխարհին Մէջ Լսելի՛ Ձայնը («Վանայ Ձայն»-ի 40-Ամեակին Առիթով)

October 17, 2026
Հաղորդագրութիւնղ  («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան  40-Ամեակին Առիթով)
Գաղութային

Հաղորդագրութիւնղ («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով)

October 17, 2026
Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք  Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.