Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արձանագրութիւններուն Վերաբերող Սերժ Սարգսեանի Յայտարարութիւնը Ճնշում Էր Թուրքիոյ Համար

December 21, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Թերթ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան` խօսելով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի յայտարարութեան մասին, որ` Հայաստանի կողմէ հայ-թուրքական արձանագրութիւններու չեղեալ յայտարարուիլը ոչ մէկ իմաստ պիտի ունենայ իրենց համար` ըսած է. «Հայ-թրքական արձանագրութիւնները առ ոչինչ կը յայտարարուին, եթէ նախագահ Սերժ Սարգսեան իր յայտարարութիւնը կեանքի կոչէ»:

Չաւուշօղլու ըսած է, որ Թուրքիան ի սկզբանէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ հաստատելու իմաստով ունեցած է իր նախապայմանը, որ կապուած է արցախեան տագնապին, եւ որ «առանց Հայաստանի կողմէ այդ նախապայմաններու կատարման` երկու երկիրներուն միջեւ երկխօսութիւնը անկարելի է»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք այսպիսով Անգարան պատասխանե՞ց նախագահ Սերժ Սարգսեանի վերջնաժամկէտին, թէ` «մենք 2018-ի գարուն պիտի մտնենք առանց այդ սին արձանագրութիւններուն»` Կիրօ Մանոյեան ըսած է, որ սեպտեմբերին, երբ Հայաստանի նախագահը յայտնեց այդ միտքը, Թուրքիան անտեսեց զայն եւ պատասխանեց միայն վերջերս:

«Թուրքիան կ՛ըսէ, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ կ՛ուզէ հաստատել, բայց միաժամանակ կ՛ուզէ, որ Արցախի հարցը լուծուի այնպէս, ինչպէս Ազրպէյճան կը փափաքի: Հետաքրքրական է, որ սեպտեմբերին, երբ մեր նախագահը այդ յայտարարութիւնը կատարեց, Թուրքիան անոր չարձագանգեց, իսկ հիմա կ՛արձագանգէ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ  նախագահին յայտարարութիւնը իրենց համար ճնշում եղած է», հաստատած է Մանոյեան:

Ան նշած է, որ Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը հետեւեալն է` կա՛մ անտեսել Հայաստանէն կատարուող յայտարարութիւնները, կա՛մ խեղաթիւրել զանոնք: «Երբ առաջարկուեցաւ պատմաբաններու յանձնաժողով կազմել, անոնք քանի մը օր ետք պատասխանեցին», յիշեցուցած է Մանոյեան:

Լրագրողը ուզած է գիտնալ, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ այս արձանագրութիւններուն ճակատագիրը, Մանոյեան պատասխանած է. «Եթէ Հայաստանի նախագահին ըսածը կատարուի, ուրեմն անոնք առ ոչինչ պիտի յայտարարուին: Ի՞նչ փոխուած է, որ Թուրքիան իր կեցուածքը փոխէ»:

 

 

Նախորդը

ՀՅ Դաշնակցութեան 127-ամեակին Նուիրուած Հանդիսութիւն Վետիի Մէջ

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան. «Եւրոպական Խորհրդարանին Հետ Հայաստանի Յարաբերութիւնները Բնականոն Կերպով Կը Զարգանան»

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.