Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրքական Բանակը Աֆրինի Արուարձաններուն Մէջ Հետախուզական Գործողութեան Ձեռնարկած Է

December 19, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Էրտողան. «Թրքական Զինեալ Ուժերը Ո՛չ Միայն
Աֆրին Մուտք Պիտի Գործեն, Այլ Նաեւ Գամիշլի»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, թէ թրքական զինեալ ուժերը ահաբեկիչները «պիտի մաքրեն» հիւսիսային Սուրիայէն` խօսելով ո՛չ միայն Աֆրինի ու Մընպեժի, այլ նաեւ Գամիշլիի մէջ զինուորական գործողութեան մասին: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Պիրկիւն» օրաթերթը:

Խօսելով Սուրիոյ մէջ գործող եւ Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը վայելող քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն մասին` Էրտողան նշած է. «Աֆրինը, Մընպեժը, Թել Ապիատը եւ Գամիշլին պիտի մաքրենք ահաբեկիչներէն: Ահաբեկիչները, որոնց երես կու տան մեր ռազմավարական դաշնակիցները նկատուողները, ինչպէս այսօր, այնպէս ալ միշտ` նեղի պիտի մատնենք: Մենք կը դժուարանանք հասկնալ, թէ այս հարցին մէջ ի՞նչ կայ մեր դաշնակիցի միտքին մէջ, սակայն մեր որոշումը յստակ է. ոչ ոք թող նեղանայ. ով որ մեր դէմ դուրս կու գայ` գլուխը պիտի ճզմենք եւ անցնինք վրայէն»:

Էրտողան յայտնած է, որ իր երկիրը իրերայաջորդ կերպով կ՛որդեգրէ շրջանը վերաձեւաւորելու ձգտող դաւադրութիւնը վիժեցնելու համար անհրաժեշտ քայլերը` նշելով. «Թուրքիոյ շրջապատին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները իրարու հետ կապ ունին»:

Թուրքիոյ նախագահը նշեց. «Այն գործողութիւնը, որ Թուրքիան Իտլիպի մէջ Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ կը կատարէ, այդ քայլերէն մէկն է, ինչպէս նաեւ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան վեհաժողովին ընթացքին Երուսաղէմը Պաղեստինի մայրաքաղաք ճանչնալը»:

«Սուրիոյ մէջ մարդկայնականութեան եւ քաղաքակրթութեան ջարդի նպատակն ու Երուսաղէմի մէջ շարունակուող անիրաւութեան եւ գրգռիչ քայլերուն նպատակը նոյնն են», ըսաւ ան:

Էրտողան նախապէս` խօսելով քրտաբնակ Աֆրին շրջանին մասին, ըսած էր, որ իրենք չեն կրնար անտեսել այդ կողմի` իրենց սահմաններուն համար ներկայացուցած վտանգը եւ պիտի չվարանին անհրաժեշտ քայլերուն ձեռնարկելու:

Էրտողան նաեւ յայտարարած էր, որ Աֆրինի մէջ կատարուելիք զինուորական գործողութեան հարցով Թուրքիան սերտօրէն պիտի համագործակցի Ռուսիոյ հետ:

Յիշեցնենք, որ Աֆրինի հարցը քննարկուած էր վերջերս Սոչիի մէջ տեղի ունեցած Ռուսիա-Իրան-Թուրքիա եռակողմ վեհաժողովին ընթացքին:

Միւս կողմէ, թրքական կառավարական աղբիւր մը «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան յայտնած է, թէ թրքական բանակը Աֆրինի արուարձաններուն մէջ հետախուզական գործողութիւններու սկսած է` առ ի պատրաստութիւն Աֆրինի դէմ զինուորական գործողութեան մը շղթայազերծման:

 

Նախորդը

Ասատ. «Արեւելեան Սուրիոյ Մէջ Ան, Որ Օտարին, Մասնաւորաբար Ուաշինկթընի Ի Նպաստ Կը Գործէ, Դաւաճան Է»

Յաջորդը

Ուաշինկթըն Վեթոյի Կ ՛ենթարկէ Երուսաղէմի Վերաբերեալ Բանաձեւը

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.