Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աւստրալիոյ Կանաչներու Կուսակցութիւնը Ճանչցաւ Արցախի Հանրապետութիւնը

December 14, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աւստրալիոյ Կանաչներու կուսակցութիւնը ճանչցած է Արցախի Հանրապետութիւնն ու անոր բնակիչներու ինքնորոշման իրաւունքը: Այս մասին կը հաղորդէ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբը:

Յանձնախումբը կը մանրամասնէ, որ կարեւոր ճանաչման նախորդած էին կուսակցութեան բարձրաստիճան անդամ Ճասթըն Էլիքի եւ Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն միջեւ հանդիպումները:

Կը նշուի, թէ Աւստրալիոյ Կանաչներու կուսակցութիւնը, որ ճանչցած է նաեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը, դարձած է աշխարհի վրայ Արցախի անկախութիւնը ճանչցած առաջին ոչ հայկական քաղաքական կուսակցութիւններէն մէկը:

Յատկանշական է, որ կուսակցութիւնը նաեւ կոչ ուղղած է Աւստրալիոյ կառավարութեան բոլոր ճիւղերուն պաշտօնապէս ճանչնալու Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնն ու ամրապնդելու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ու անոր բնակիչներուն հետ Աւստրալիոյ յարաբերութիւնները:

Այս առիթով Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի տնօրէն Վաչէ Ղահրամանեան իր երախտագիտութիւնը յայտնած է Կանաչներու կուսակցութեան եւ մասնաւորաբար Ճասթըն Էլիքին` Արցախի անկախութիւնն ու անոր ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը ճանչնալուն համար:

Աւստրալիոյ մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Քայլար Միքայէլեան նշած է, որ ասիկա պատմական ճանաչում է:

«Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ արցախցիներու անունով շնորհակալութիւն կը յայտնենք Կանաչներու կուսակցութեան` մարդու իրաւունքները յարգելուն համար», ըսած է Միքայէլեան:

Նշենք, որ Աւստրալիոյ դաշնակցային խորհրդարանին մէջ «կանաչները» ունին 9 ծերակուտական եւ Ներկայացուցիչներու տան մէկ անդամ:

 

Նախորդը

Վարչապետ Կարապետեան Ընդունած Է Հայկազեան Համալսարանի Նախագահը

Յաջորդը

Կիպրոսի Նախագահ. «Հայ Եւ Կիպրացի Ժողովուրդները Դարձած Են Միեւնոյն Յարձակողապաշտին Զոհերը»

RelatedPosts

Զախարովա. «Ռուսիան Պատրաստ Է «Թրամփի Ուղի»-ին  Միանալու Տարբերակները Ուսումնասիրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Զախարովա. «Ռուսիան Պատրաստ Է «Թրամփի Ուղի»-ին Միանալու Տարբերակները Ուսումնասիրելու»

January 31, 2026
Հայաստանը Եւրոպական Միութեան Խաղաղութեան  Հիմնադրամէն Պիտի Ստանայ 10 Միլիոն  Եւրոն. Հունգարիան Վերցուցած Է Արգելքը
Հայկական

Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանին Աջակցութեան Նոր Միջոց Կը Տրամադրէ

January 31, 2026
Քոչարեան. «ԹՐԻՓՓ-ը Մեր Մեծագոյն  Անվտանգային Սպառնալիքը Պիտի Դառնայ»
Գլխաւոր լուրեր

Քոչարեան. «ԹՐԻՓՓ-ը Մեր Մեծագոյն Անվտանգային Սպառնալիքը Պիտի Դառնայ»

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.