Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան. «Հայաստան Միշտ Կարեւոր Նկատած Է Ռումանիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Խորացումը»

December 13, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Հայաստանի մէջ  Ռումանիոյ դեսպան Սորին Վասիլէն, որ աւարտած է դիւանագիտական առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ:

Ըստ նախագահի պաշտօնական կայքին, նախագահ Սերժ Սարգսեան  շնորհակալութիւն յայտնած է դեսպանին` պաշտօնավարման ընթացքին  հայ-ռումանական յարաբերութիւններու ամրապնդման ուղղութեամբ ներդրած ջանքերուն համար եւ յաջողութիւններ մաղթած հետագայ  գործունէութեան մէջ:

Հանրապետութեան նախագահը ընդգծած է, որ Հայաստան միշտ կարեւոր նկատած է Ռումանիոյ հետ համագործակցութեան եւ յարաբերութիւններու  խորացումը` հիմնուած երկու ժողովուրդներուն միջեւ դարաւոր բարեկամութեան վրայ:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան արձանագրած է, որ վերջին տարիներուն Հայաստանի եւ Ռումանիոյ միջեւ նկատելիօրէն բարձրացած է քաղաքական հարցերու շուրջ փոխըմբռնումի մակարդակը, ինչ որ կարեւոր է յարաբերութիւններու հետագայ խորացման եւ ամրապնդման տեսանկիւնէն:

Հանրապետութեան նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է ռումանացի ժողովուրդին եւ երկրի իշխանութիւններուն` ռումանահայ համայնքին, ինչպէս նաեւ Ռումանիոյ մէջ հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան նկատմամբ ցուցաբերուող հոգատար վերաբերմունքին համար:

Դեսպանը իրեն համար մեծ պատիւ նկատած է Հայաստանի մէջ  պաշտօնավարելը` նշելով, որ այդ ընթացքին ձեռք բերած է բազմաթիւ  ընկերներ, աւելի մեծ փորձառութիւն եւ գիտելիքներ հազարամեակներու  պատմութիւն ունեցող Հայաստանի ու հայ ժողովուրդին մասին:

Ռումանիոյ դեսպանը վստահեցուցած է, որ Հայաստանէն կը հեռանայ  շատ լաւ տպաւորութիւններով եւ պիտի շարունակէ մնալ հայ ժողովուրդին ու Հայաստանի բարեկամը:

Նախորդը

Հայ Դատի Յանձնախումբը Նեցուկ Կը Կանգնի Ծերակոյտի Անդամակցութեան Թեկնածու Թարխանեանին

Յաջորդը

Լացիօ Ռոմա Կը Մտադրէ Դադրեցնել Իր Ելոյթները «Սերի-Ա.»-ին Մէջ

RelatedPosts

Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն  Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնեու Պաքու`  Մարդասիրական Առաքելութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնեու Պաքու` Մարդասիրական Առաքելութեամբ

October 5, 2026
Ըստ Դաւիթ Բաբայեանի` Երեք Հայ Գերիներու  Փաստաբանները Դիմած Են Ազրպէյճանի  Գերագոյն Դատարան
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ Դաւիթ Բաբայեանի` Երեք Հայ Գերիներու Փաստաբանները Դիմած Են Ազրպէյճանի Գերագոյն Դատարան

October 5, 2026
Ստեղծուած Է Ազգային  Ժողովի Քննիչ Յանձնախումբ`  Եկեղեցւոյ Վերաբերող Իրավիճակը  Ուսումնասիրելու
Հայկական

Ստեղծուած Է Ազգային Ժողովի Քննիչ Յանձնախումբ` Եկեղեցւոյ Վերաբերող Իրավիճակը Ուսումնասիրելու

October 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.