Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քանատացի Երեսփոխանը Դատապարտած Է Արցախի Հանդէպ Ազրպէյճանի Գործողութիւնները

December 13, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քանատայի խորհրդարանի երեսփոխան Թոնի Քլեմընթ յորդորած է իր երկրի կառավարութիւնը դատապարտելու Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի հանդէպ բռնութիւններու գործադրումը:

Այս մասին, ըստ «Արմէնփրես»-ի, երեսփոխանը խօսած է 11 դեկտեմբերին ունեցած իր ելոյթին ընթացքին:

Մարդու իրաւունքներու համաշխարհային օրուան նուիրուած իր ելոյթին մէջ, երեսփոխանը ընդգծած է, որ թէեւ մարդու իրաւունքներու խախտումներու շատ օրինակներ կան, որոնց մասին կարելի է բարձրաձայնել, սակայն ան կ՛ուզէ այս պահուն շեշտել Արցախի Հանրապետութեան կամ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ազրպէյճանական ոտնձգութիւններուն պատճառով մարդու իրաւունքներու ոտնահարումներուն մասին: «Ես ամրան ընթացքին այցելած էի այդ շրջան «Մէկ ազատ աշխարհ» կազմակերպութեան հետ եւ անձամբ ուսումնասիրած եմ տեղւոյն տագնապը, մարդու իրաւունքներու սարսափելի խախտումները, որոնցմէ կը տուժեն մարդիկ, որոնց միակ ցանկութիւնը խաղաղութեան մէջ ապրիլն է: Մենք հանդիպեցանք մայրերու հետ, որոնք տագնապի ընթացքին կորսնցուցած են իրենց որդիները: Ես ականատես եղած եմ անմեկնելի սարսափներու», նշած է երեսփոխանը:

Ան ընդգծած է, որ իր միակ ցանկութիւնը Արցախը խաղաղ ու բարգաւաճող տեսնելն է, ուր մարդիկ կրնան կողք-կողքի ապրիլ դրացիներու, անգամ Ազրպէյճանի հետ:

Ան յիշեցուցած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման կարգաւորման հարցով կը զբաղի ԵԱՀԿ-ը, որուն անդամ է նաեւ Քանատան: «Ես կը յորդորեմ Քանատայի կառավարութիւնը` դատապարտելու շրջանին մէջ մարդու իրաւունքներու խախտումները եւ աշխատելու ԵԱՀԿ-ի հետ` կանխելու տագնապի հետագայ սրացումները», ըսած է Թոնի Քլեմընթ:

 

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն Այսօր Լիբանանը Կը Ներկայացնէ Իսլամական Գործակցութեան Խորհուրդի Արտակարգ Վեհաժողովին

Յաջորդը

Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը Զինուորական Լուծում Չի Կրնար Ունենալ» Ըսաւ Լաքոթ

RelatedPosts

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
Կրոնօ. «Ղարաբաղի` Նախապէս Հակամարտութենէն  Տուժած Շրջաններուն Մէջ Հայկական  Հարուստ Հետքը Չեմ Վիճարկեր»
Հայկական

Կրոնօ. «Ղարաբաղի` Նախապէս Հակամարտութենէն Տուժած Շրջաններուն Մէջ Հայկական Հարուստ Հետքը Չեմ Վիճարկեր»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.