Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ. ՀՈՍԱՆՔՆ Ի ՎԵՐ (ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏԱՆ 80-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

November 5, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգայինի հրատարակչատունը հանդիսաւորապէս նշեց իր հիմնադրութեան 80-ամեակը: Երկար ու բովանդակալից է Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հրատարակչական բաժանմունքի անցած ուղին, որ ամբողջովին կապուած է հայ գիրի ու գրականութեան տարածման առաքելութեան հետ:

Յոբելեանին առիթով օրինաչափ է անշուշտ անցած ուղիին արժեւորում կատարելը, իրագործումները լոյսին բերելը, արտադրողականութեան հանրագումարին մասին խորհրդածելը եւ մանաւանդ  պարզուող հեռանկարին առնչուած խնդիրներուն մասին ծրագրումներ կատարելը: Այս բոլորը կատարուած են ու կը կատարուին այս օրերուն յոբելենական հանդիսութեան ընթացքին:

Հայ գիրի ու գրականութեան գործը միշտ ալ հարթ ճամբաներէ չէ անցած: Հայապահպանութեան աշխատանքներուն առանցքային բաժինը գրաւած գրական, պատմագրական ու մշակութային թէ քաղաքական բնոյթի հրատարակութիւնները տքնաջան, հետեւողական եւ բոլորանուէր աշխատանքներու արգասիքն են, որոնց հասանելիութեան համար անշրջանցելի օղակ են տպագրական եւ գրատարածի աշխատանքները:

Հրատարակչական աշխատանքը այդ բոլորին ամբողջութիւնն է եւ առանց այդ օղակներու ամբողջացման բնականաբար թերի ու անաւարտ կը մնայ որեւէ գրառում, խմբագրում, ստեղծագործութիւն, եթէ չէ ապահովուած այդ բոլորին զանգուածայնացման արհեստագիտութիւնը:

Ժամանակներն ու պայմանները այնպէս ընթացած են, որ իւրաքանչիւր հանգրուան իրեն իւրայատուկ յատկանիշերով ստեղծած է իր առաւելութիւններուն առընթեր իր անպատեհութիւնները, գործի կազմակերպումին համար:

Մինչեւ 20-րդ դարու աւարտ եւ 21-րդ դարու սկզբնաւորութիւն, Համազգայինի հրատարակչատունը այդ հայ մշակոյթի ու գրականութեան զանգուածայնացման աշխատանքը յառաջատար եւ անյաղթահարելի դիրքով կատարած է: Գրաշարութիւն, սրբագրութիւն, խմբագրութիւն եւ տպագրութիւն հրատարակչատան բաղկացուցիչ բոլոր բաժանմունքները գործած են վարչական-խմբագրական աշխուժ արտադրողականութեամբ:

Նոր ժամանակները տպագիր ոլորտին համար շատ բարենպաստ հեռանկար չեն պարզած: Ելեկտրոնայինի սրընթաց ու արագակշռոյթ նուաճումները, էջադրուած ձեւաչափով հրատարակութիւններու տեղադրումը համացանցային տարածքներու վրայ թէ հատորներու թուայնացման անվերջանալի երթերը պէտք է ընդունինք, որ հարուածած են գիրքերու տպագիր-դասական աւանդական հասկացողութիւնը:

Համազգայինի հրատարակչատունը սակայն, հայ գիրքը հայութեան բոլո՛ր խաւերուն հասցնելու իր նորացուած առաքելութիւնը կը շարունակէ պատուով տանիլ, հակառակ ժամանակներու պայմաններու ձգած ոչ անպայման բարենպաստ ազդեցութիւններուն: Ցուցահանդէսներ, մրցանքներ, գիրքերու շնորհահանդէսներ եւ մասամբ նորին եկած են աւելնալու Համազգայինի հրատարակչատան գործունէութեան դաշտին մէջ: Հրատարակչատունը հոսանքն ի վեր թիավարելով կը փորձէ հասնիլ ընթերցող հասարակութեան, նախ եւ առաջ լիբանանահայ գրողին աշխատանքային արդիւնքը հասցնելու հայկական աշխարհին: Համազգայինի հրատարակչատան արտադրանքը հանդիսացող հատորներու Երեւանի թէ սփիւռքի զանազան շրջաններու մէջ ներկայութիւնն ու  այդ միջավայրէն հնչող արձագանգները այդ փաստի տուեալներն են:

80-ամեայ ընթացքին իրերայաջորդ պատասխանատուներու, նուիրատուներու, տնօրէններու թէ աշխատակիցներու վիթխարի աւանդի վրայ հիմնուած հսկայ հանրագումարով կը ներկայանայ Համազգայինի հրատարակչատունը այսօր հայ ժողովուրդին: Տպուած եւ ցրուած գիրքերու թիւն ու իւրաքանչիւրի տպաքանակին մասին թուային պատկերացում մը միայն բաւարար է իմանալու համար, որ 80-ամեայ տարեգրութեամբ հարուստ Համազգայինի հրատարակչատունը ի՛նչ տարողութեամբ նպաստած է հայ գրականութեան ու մշակոյթին:

Երթը կը շարունակուի, մշակութային միեւնոյն գաղափարախօսութեամբ եւ նորարար ոճով:

Նախորդը

ԵՒՐՈՊԱՅԻ 2013-Ի ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՉԵԽԻՈՅ ԵՒ ԿԱԼԵՍԻ ԴԷՄ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՆԱԼԻՔ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ

Յաջորդը

ՀՈՍԱՆՔՆ Ի ՎԵՐ (ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏԱՆ 80-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Դաշնակցական Ընկերոջ Օրինակը Ընկեր Մ. Պարոնեան

November 25, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը` Հաստատութենական Հեռանկարով

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։