Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Ժամանակի Կուսակցութիւնը

December 8, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Ամէն ժամանակ ծնունդ կու տայ, ոտքի կը հանէ եւ կ՛ամրապնդէ իր պահանջին եւ պայմաններուն ծառայող հոսանքը: 19-րդ դարուն հայ ազգին դիմագրաւած ընկերային-տնտեսական եւ քաղաքական ծանր պայմաններէն է, որ ծնունդ առաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը` իբրեւ այդ ժամանակուան հայ յառաջդիմական մտածելակերպը ներկայացնող ուժ:

Կառչած մնալով արդիականացման օրէնքին` ՀՅ Դաշնակցութիւնը ժամանակի պահանջներուն ու պայմաններուն կը յարմարցնէ իր մարտավարութիւնները, եւ այդ մէկը կ՛ըլլայ հայկական դիտանկիւնէն` համայն հայութեան շահերուն հետապնդման նպատակով: Ժամանակի պահանջը եւ պայմանն էին ՀՅԴ-ի անդրանիկ ծրագիրի մշակումը (ընդգրկելով մարքսական եւ նարոդնիկական աշխարհահայեացքներ), Կովկասեան նախագիծը (ՀՅԴ-ի մասնակցութիւնը 1905-ի ռուսական յեղափոխութեան), 1907-ի ծրագիրը (մարքսականութեան վերաքննութեան տեսութեան որդեգրում, առաւել վաւերացում`  պարսկական յեղափոխութեան ՀՅԴ-ի մասնակցութեան), 1919-ի ազատ,անկախ եւ միացեալ Հայաստանի յայտարարութիւնը, 1978-ի ծրագիրը (նոր ձախի որդեգրումը), ապա 1998-ի ծրագիրը (արդի ընկերվար-ժողովրդավարութեան որդեգրում):

Յարմարեցման մեծագոյն մարտավարութիւնները յաջողութեամբ պսակուած են: Իր սկզբնական ծրագիրներուն նարոդնիկական եւ ընկերվարական աշխարհահայեացքներուն շնորհիւ` ՀՅԴ-ն կը կազմակերպէ գիւղացիական եւ բանուորական տարրերը` արհեստակցական միութիւններուն մէջ: 1905-ի ռուսական յեղափոխութիւնը պատճառ կը դառնայ, որ Ռուսիան հիմնէ Տումա (խորհրդարան) եւ բազմակուսակցական քաղաքական համակարգ ստեղծէ (կարճ ժամանակի համար): Մարքսականութեան վերատեսութեան սկզբունքի որդեգրումը ՀՅԴ-ին առիթ կու տայ քայլ պահելու միջազգային ընկերվար- ժողովրդավարական գաղափարախօսութեան զարգացումներուն հետ եւ 1908-ին կուսակցութեան կարելիութիւն կ՛ընձեռէ անդամակցելու Բ. Միջազգայնականին: Պարսկական յեղափոխութիւնը կը տապալէ բացարձակ միապետական համակարգը, անոր փոխարէն, կը ստեղծէ խորհրդարանական թագաւորական համակարգ, եւ Իրանը Ասիոյ ցամաքամասին մէջ կը դառնայ առաջին պետութիւնը, որ կ՛ունենայ խորհրդարան: 1978-ի ծրագիրը եւս քայլ կը պահէ այս անգամ Հարաւային Ամերիկայի, Ասիոյ եւ Ափրիկէի մէջ ձեւաւորուած ձախ ուժային խմբակներու եւ արեւմտեան աշխարհի մէջ տարածում գտած արմատական ընկերվարական եւ եւրոհամայնավար մտածելակերպին հետ: Այս գաղափարական ազդեցութիւնը կը զուգադիպի Հայ դատի ուժական պայքարի հզօրացման: Ապա 1998-ի ծրագիրը կը վերանորոգէ ՀՅԴ-ի ընկերվարական ուղեգիծը:

Վերոյիշեալ բոլոր կէտերը դաշնակցական անհատին համար սուրբ էջեր են. էջեր, որոնց յաջողութեան սիրոյն շատ արիւն թափուեցաւ: Բազմաթիւ անհատներ բանտարկուեցան, գնդակահարուեցան եւ կախաղան բարձրացան, բայց գոչելով «Կեցցէ յեղափոխութիւնը»` իրենց մահով իսկ սարսափ պատճառեցին յետամնաց ուժերուն:

Ինչպէս որ ժամանակին Դաշնակցութեան գաղափարախօսութիւնը արդիականացման կ՛ենթարկուէր յանուն ժամանակի պահանջին եւ պայմաններուն ծառայող մտայնութեան հետ յարմարեցման, այսօր ալ այդպիսի տեսական մթնոլորտի մէջ կը գտնուի միջազգային ընկերվար-ժողովրդավարական շարժումը:

Ընկերվար միջազգայնականին եւ Եւրոպական ընկերվարականներու կուսակցութեան անդամակցութեամբ ՀՅԴ-ն անբաժանելի մաս կազմած կ՛ըլլայ միջազգային ընկերվարական շարժումին, որուն զարգացումներուն մէջ եւս գործօն մասնակցութիւն կ՛ունենայ:

Այս օրերուն, երբ կը նշուի ՀՅԴ-ի 127-ամեակը, ՀՅԴ-ի անդամակցած եւրոպական ընկերվարական կառոյցին մէջ (Եւրոպական ընկերվարականներու կուսակցութիւն) տեսաբանական եռք մը կայ: Վերջերս դէպի ձախ դարձեր տեղի ունեցան զանազան ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւններու մէջ: Դէպի ձախ առաջին դարձը եղաւ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ` 2015-ին, երբ Աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավարութիւնը շահեցաւ արմատական ձախ Ճերեմի Քորպինը: Բրիտանական օրինակին յաջորդեց Գերմանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավարութեան ստանձնումը Մարթին Շուլցի, իսկ Սպանիոյ Ընկերվար բանուորական կուսակցութեան ղեկավարութեան ստանձնումը Փետրօ Սանչեզի կողմէ: Ասոնք ծանօթ են իրենց ձախակողմեան դիմագիծներով: Իսկ աւելի տարօրինակ դէպքը տեղի ունեցաւ 2015-ին,  Փորթուգալի կառավարութեան կազմութիւնը` չորս տարբեր ձախ դիմագիծեր ունեցող կուսակցութիւններու կողմէ (ընկերվարականներ, համայնավարներ, նոր ձախեր եւ կանաչներ): Վերոյիշեալ բոլոր ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւնները երկար ժամանակ վարած են կեդրոնամէտ քաղաքականութիւն (տնտեսական ազատականութիւն), եւ այդ քաղաքականութիւնները մեծ դժգոհութիւններ պատճառեց հանրութեան եւ մանաւանդ` նոր կուսակցութիւններու համակիր խաւերուն, որոնք կը բաղկանան աշխատաւորներէն:

Այսօր այս բոլոր զարգացումներէն ՀՅԴ-ն չի կրնար հեռու մնալ: Անիկա ունի մեծ առիթ` հարստացնելու իր գաղափարաբանական վաստակը, եւ այդ մէկը կը կայանայ ընկերվարական արմատներուն վերադարձով եւ վերանորոգելով գաղափարական աւանդը` զայն համապատասխանեցնելու համար միջազգային եւ մանաւանդ եւրոպական վերջին դէպի ձախ դարձի քայլերուն:

 

 

 

Նախորդը

ՀՅ Դաշնակցութեան Ուժը

Յաջորդը

Մի՛ Սպաննէք Մեր Կարողական Մայրերը

RelatedPosts

Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Եւրոպան Քաղաքական Վերիվայրումներու Եւ Ժողովրդավարական Օրինականութեան Ճգնաժամին Միջեւ

October 31, 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ.  Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները
Անդրադարձ

Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ. Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները

October 31, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.