Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

December 7, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եմէնի դեսպան Ապտալլա Ապտել Քերիմ Տաայսը, որուն հետ քննարկեց ներկայ իրավիճակը յուզող զարգացումները` Լիբանանի եւ շրջանին մէջ, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան ճշդած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 98 եւ 95 օքթան պենզինի թիթեղներուն սակը սղած է 100 լ. ոսկիով, իսկ մազութինը` 200 լ. ոսկիով:

ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի շեշտեց, որ վարչապետի հրաժարականին էջը փակուած է, իսկ քաղաքական տագնապը վերջ գտած է: Թուէյնի նշեց, որ կառավարութեան կազմի որեւէ փոփոխութիւն անհաւանական է:

ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ հաստատեց, որ քաղաքական գործակցութեամբ ու երկխօսութեամբ յաջողած են պահպանել Լիբանանի անդորրը: «Մենք կը շարունակենք երկխօսութեան, համախոհութեան եւ գործակցութեան ոգիով տանիլ մեր աշխատանքը` յանձնառու մնալով Լիբանանի կայունութեան եւ գերագոյն շահերուն երաշխաւորման», հաստատեց ան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ հաւանական նկատեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական տագնապը վերանորոգուի` հաստատելով, որ գործնական գետնի վրայ ոչինչ փոխուած է, որովհետեւ ոչ մէկ երաշխիք կայ, թէ Հըզպալլա յանձնառու պիտի մնայ կառավարութեան տուած վերջին որոշումին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի խորհրդատու Ուեհպէ Քաթիշա յայտնեց, որ Հըզպալլային առիթ տուած են փաստելու, թէ ան յանձնառու կը մնայ կառավարութեան որոշումին: Ան աւելցուց, որ այս իմաստով Հըզպալլա հսկողութեան տակ կը գտնուի:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Քամել Ռիֆայի կոչ ուղղեց կառավարութեան որոշումներուն յանձնառու մնալու: Ան ընդգծեց, որ կառավարութեան հաղորդագրութեան գործադրութիւնը պարտադիր է անոր անդամներուն համար:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պիտի շարունակէ իր աշխատանքները: Ան նշեց նաեւ, որ Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն միջեւ համաձայնութիւնը գոյացած է անկախ քաղաքական կեցուածքներէն:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր շեշտեց, որ Լիբանանին քաղաքական զօրակցութիւն տրամադրելն ու անոր ապահովական կայունութիւնը պաշտպանելը կարեւորագոյն կէտերն են:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա հաստատեց, որ բարգաւաճումը կրօն, համայնք կամ կուսակցութիւն չի ճանչնար, որովհետեւ անիկա բոլոր քաղաքացիներուն արդար իրաւունքն է:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրի կը փափաքի կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել:

 

Նախորդը

Թրամփ Երուսաղէմը Ճանչցաւ Իսրայէլի Մայրաքաղաք Եւ Յայտարարեց Ամերիկեան Դեսպանատան Փոխադրումը

Յաջորդը

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Ողջունեց Լիբանանի Մէջ Քաղաքական Անորոշութեան Վիճակի Փարատումը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.