Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինչպէ՞ս Կարեւորենք

December 5, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Ինչպէ՞ս կարելի է ընդգծել համասփիւռքեան տարողութեամբ ժողովի մը կարեւորութիւնը: Ամէն չորս տարի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ենթակայ թեմերուն կողմէ ընտրուած ազգային երեսփոխաններ կը հաւաքուին Անթիլիաս ու կը քննարկեն համազգային նշանակութեամբ հարցեր:

«Ժողովի օրակարգին մէջ առանցքային տեղ պիտի գրաւեն կրօնական եւ հայեցի դաստիարակութիւնը, երիտասարդութիւնը, պահանջատիրութիւնը, սփիւռքի վերակազմաւորումը եւ սփիւռք-Հայաստան գործակցութիւնը», գրուած է ժողովէն հազիւ քանի մը օր առաջ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:

Սփիւռքի համայնքներու կազմակերպման ու ղեկավարման մէջ կարեւոր դեր վերապահուած է ազգային տեղական վարչութիւններուն, ուրեմն,  աւելի՛ իսկ կարեւոր դեր կ՛ենթադրէ ունենալ անոնց համախմբումը` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան շուքին տակ: Վերոյիշեալ օրակարգի կէտերը արդէն իսկ բաւարար պատկերացում կու տան, թէ որքա՛ն մեծ սպասումներ պէտք է ունենանք նկատառելի լծակներու եւ միջոցներու տէր կառոյցներու ղեկավարներու այս ժողովէն:

Յամենայն դէպս այստեղ պարզապէս կ՛ուզենք արտայայտել մեր ցանկութիւնը, որ այս տարողութեամբ ժողովներ ընդարձակ լրատուութեամբ ներկայացուին մեր հանրութեան:

Արդարեւ, Ազգային ընդհանուր ժողովին հանդէպ հանրութեան ուշադրութիւնն ու հետաքրքրութիւնը կարելի է շարժել` լայնօրէն անդրադառնալով անոր, իբրեւ նախապատրաստութիւն իւրաքանչիւր թեմէ ներս տեղի ունեցող ազգային ժողովներուն եւ անոնց քննարկած նիւթերուն, ներկայացնելով անոնց ընտրած պատգամաւորները` ազգային երեսփոխանները: Այս ժողովներուն ու անոնց կողմէ ընտրեալներով Ազգային ընդհանուր ժողովին հեղինակութիւնը վստահաբա՛ր աւելի կը շեշտուի, երբ անոնց պատրաստութեան ընթացքին ու քննարկած օրակարգերուն հանդէպ լայն տեղեկատուութիւն ապահովուի:

Յաջողութի՛ւն կը մաղթենք Ազգային ընդհանուր ժողովին:

 

 

Նախորդը

Էջեր Հալէպէն…

Յաջորդը

Քալիֆորնիական Քսանմէկ Օրեր` Առանց Զբօսաշրջիկի Լուսանկարներու

RelatedPosts

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.