Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիա Կ՛ակնկալէ Նորվեկիոյ Մէջ ՕԹԱՆ-ի Ռազմափորձերուն Ժամանակ Տեղի Ունեցած Գայթակղութեան Մանրակրկիտ Հետաքննութիւն

November 30, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիան ՕԹԱՆ-էն կը սպասէ Նորվեկիոյ մէջ դաշինքի ռազմափորձերուն ժամանակ տեղի ունեցած գայթակղալից միջադէպի հետաքննութիւն: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսուած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի նախագահութեամբ տեղի ունեցած Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան խորհուրդի յայտարարութեան մէջ:

«Թուրքիան կ՛ակնկալէ Նորվեկիոյ մէջ ռազմափորձերուն ընթացքին տեղի ունեցած միջադէպին առնչութեամբ ՕԹԱՆ-ի կողմէ սկսուած հետաքննութեան ընդլայնում: Նաեւ յայտարարուած է իրենց նպատակներով ՕԹԱՆ-ը օգտագործելու դաշինքի որոշ աշխատակիցներու փորձերը կանխարգիլելու անհրաժեշտութեան մասին: Թուրքիան ուշադիր պիտի հետեւի գայթակղութեան առնչութեամբ իրադարձութիւններու զարգացման` երկրի հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի, թուրք ժողովուրդին եւ երկրի նախագահին նկատմամբ թշնամական մօտեցումին պատճառով, ինչ որ անընդունելի է», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Կը նշուի, որ ՕԹԱՆ-ի ռազմափորձերուն ընթացքին տեղի ունեցած գայթակղալից միջադէպը «կրնայ վնաս հասցնել դաշինքին հիմք հանդիսացող համերաշխութեան սկզբունքներուն»:

Նախապէս Էրտողան յայտարարած էր, որ Նորվեկիոյ մէջ 8-17 նոյեմբերին տեղի ունեցած «Թրայտընթ Ճաւըլին» ռազմափորձերու կազմակերպիչները տեղադրած են «թշնամիներ»-ու պատկերներով պաստառ մը, որուն վրայ պատկերուած եղած են Աթաթուրքը եւ նոյնինքն Էրտողանը:

Անոր համաձայն, իրեն այդ մասին յայտնած է Թուրքիոյ բանակի սպայակոյտի պետը: Վերջինս նշած է նաեւ, որ որոշած է տուն կանչել ՕԹԱՆ-ի ռազմափորձերուն մասնակցող 40 թուրք զինուորները: Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը պաշտպանած է այդ որոշումը:

Թուրքիոյ հասցուած վիրաւորանքին համար ներում հայցած է ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ, իսկ Նորվեկիոյ պաշտպանութեան նախարար Ֆրանք Պաքէ-Ենսըն ափսոսանք յայտնած է տեղի ունեցածին համար, սակայն Էրտողան յայտարարած է, որ ատիկա բաւարար չի նկատեր:

Լրատուամիջոցներու համաձայն, նորվեկիական բանակի զինուորը, որ Թուրքիոյ նախագահը ներկայացուցած է իբրեւ ՕԹԱՆ-ի թշնամիներու աջակից, հեռացուած է զինեալ ուժերու շարքերէն:

Եըլտըրըմ. «ՕԹԱՆ-ը Թուրքիոյ Անհրաժեշտ Օգնութիւն Չցուցաբերեց»

Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ յայտարարած է, թէ ՕԹԱՆ-ը զինուոական բնագաւառին մէջ Թուրքիոյ անհրաժեշտ օգնութիւն չցուցաբերեց: Այս մասին կը հաղորդեն թրքական լրատուամիջոցները:

Ըստ անոր, հակառակ այն իրողութեան, որ Թուրքիան բազմիցս ենթարկուած է Սուրիոյ կողմէ հրթիռային յարձակումի, ՕԹԱՆ-ը չէ ձեռնարկած որեւէ քայլի երկրին պաշտպանութեան համար:

Ան ընդգծած է, թէ ճիշդ ատկէ մեկնելով ալ Թուրքիան իր տարածքի պաշտպանութեան համար ձեռք բերած է ռուսական «Էս-400» հակահրթիռային համակարգերը:

«Թուրքիան իրաւունք ունի ձեռնարկելու բոլոր կարելի միջոցները` իր տարածքին պաշտպանութեան համար», ըսած է Եըլտըրըմ:

Նախորդը

«Մոսկուան Ու Պաքուն Տարբեր Քաղաքական Շահեր Ունին» Կ՛ըսէ Ազրպէյճանի Մէջ Ռուսիոյ Նախկին Դեսպանը

Յաջորդը

Թրքական Իշխանութիւնները Ձերբակալման Գիր Արձակած Են 360 Անձերու Դէմ

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց.  «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ  Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»
Միջազգային

Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց. «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.