Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ. (ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՍԻՒՆՀՈԴՈՍԻՆ ՓԱԿՈՒՄ, 11-21 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2011, Ի ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅ – ԶՄՄԱՌ – ԼԻԲԱՆԱՆ)

November 5, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսի փակումը կատարուեցաւ ուրբաթ, 21 հոկտեմբեր 2011-ին, Զմմառու վանքի պատրիարքական աթոռին մօտ: Ան սկիզբ առած էր 11 հոկտեմբերին, նախագահութեամբ ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց:

Սոյն սիւնհոդոսին իրենց մասնակցութիւնը բերին հայ կաթողիկէ բոլոր թեմերու առաջնորդները, որոնք ժամանած էին հետեւեալ երկիրներէն. Լիբանան, Հայաստան, Սուրիա, Իրաք, Եգիպտոս, Իրան, Թուրքիա, Ֆրանսա, Միացեալ Նահանգներ, Քանատա, Հարաւային Ամերիկա, Երուսաղէմ, Յորդանան եւ Յունաստան:

Պատրիարքարանի յանձնախումբերուն նախորդ տարուան իրագործած աշխատանքները` բոլոր թեմերուն մէջ, քննարկուեցաւ հանգամանօրէն կազմակերպչական, հովուական, ընկերային եւ մշակութային մարզերուն վերաբերեալ: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ զանազան միութենական ձեռնարկներուն, որոնց մէջ մեր եկեղեցին իր ներդրումը ունեցաւ` կաթողիկէ, ուղղափառ եւ աւետարանական եկեղեցիներու, ինչպէս նաեւ կաթողիկէ եւ նախաքաղկեդոնական եկեղեցիներուն հետ: Նկատի առնուեցաւ նաեւ մեր մասնակցութիւնը քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան` մասնաւորապէս արաբական երկիրներու մէջ:

Խորապէս քննարկելէ ետք ընդհանրապէս արաբական աշխարհին եւ մասնաւորաբար հայ ժողովուրդին դէմ ցցուող այժմէական խնդիրներն ու մարտահրաւէրները, որոնք առկայ են ամէնուրեք, սիւնհոդոսական հայրերը քանի մը գործնական որոշումներ տուին` կարգ մը թեմերու առնչութեան, ինչպէս նաեւ կատարեցին հետեւեալ նշումները.

Ա. հետապնդել դատը նոր երանելիներու, Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն, յատկապէս առ ի պատրաստութիւն 2015 թուականին, երբ պիտի  նշուի ցեղասպանութեան 100-ամեակը:

Բ. Տպագրութիւնը համառօտ քրիստոնէականին կաթողիկէ եկեղեցւոյ, որուն արեմտահայերէնի թարգմանութիւնը աւարտած է արդէն:

Գ. Հոկտեմբեր 2012-ին Հռոմի մէջ կայանալիք եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի ընդհանուր գիծերու ուսումնասիրութիւն: Այս ժողովին հրաւիրուած է Պենետիկտոս ԺԶ. քահանայապետը, իսկ նիւթն է` «Նոր աւետարանացումը աշխարհին»:

Սիւնհոդոսական փակման նիստին հայերը անդրադարձան մեր սիրելի Միջին Արեւելքի մէջ տիրող հետզհետէ աւելի մտահոգիչ դարձող կացութեան: Անոնք կ՛ուզեն քաջալեր հանդիսանալ բոլոր անոնց, որոնք կը գործեն ի նպաստ խաղաղութեան, նաեւ կը հրաւիրեն բոլոր կողմերը իրարու հետ հասկացողութեան եւ եղբայրութան` ուրիշին մօտ եւս գտնելով հարուստ գանձ մը` մշակոյթի եւ աւանդութիւններու:

Սիւնհոդոսական հայրերը կը խնդրեն քաղաքական պատասխանատուներէն, որ իրենց ձայները միացնեն իրարու` իրենց երկրին շահերուն եւ բարգաւաճման ի նպաստ, մէկդի ձգելով անձնական եւ կուսակցական շահերը, որպէսզի զարգացնեն երկիրը տնտեսական, ընկերային ու կրթական մակարդակներով:

Այս առիթով սիւնհոդոսական հայրերը կը մաղթեն համայն աշխարհին տեւական խաղաղութիւն եւ Միջին Արեւելքի երկիրներուն` համերաշխութիւն եւ բարգաւաճում, որպէսզի հեռանայ անոնց մէջէն գաղթականութեան ճիւաղը: Այն ատեն նոր դարաշրջան մը պիտի բացուի Արեւելքի բոլոր ժողովուրդներուն առջեւ, ուր ազգային հաշտութիւնը, ընկերային արդարութիւնը եւ համատարած եղբայրութիւնը, ազատութեան, հաւասարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու յարգանքի լոյսին տակ, շրջանի ժողովուրդներու յառաջդիմութեան պիտի նպաստեն:

Ի վերջոյ, սիւնհոդոսական հայրերը կը խնդրեն հաւատացեալներէն, որ իրենց աղօթքը բարձրացնեն առ Աստուած, բարեխօսութեամբ Զմմառու Սուրբ Աստուածամօր, ինչպէս նաեւ երանելի նահատակ Իգնատիոս Մալոյեանի, որպէսզի խաղաղութիւն պարգեւէ մեր սիրելի Միջին Արեւելքի բոլոր շրջաններուն, որպէսզի սիրոյ կամուրջներ դրուին հոն ապրող ժողովուրդներու միջեւ, ըստ Սուրբ Պօղոսի խօսքին. «Մէկ տեսակէտ ունեցէք եւ ապրեցէք խաղաղութեամբ, եւ սիրոյ ու խաղաղութեան Աստուած ձեզի հետ թող ըլլայ»:

ԴԻՒԱՆ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ՍԻՒՆՀՈԴՈՍԻՆ

Զմմառ, 21 հոկտեմբեր 2011

Նախորդը

ՍԼԱՔ

Յաջորդը

ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐՈՒ ՊԱՏԵՐԱ՞ԶՄ, ԹԷ՞ ՄԵՐ ԳԻՏՑԱԾ ԴԱՍԱԿԱՐԳԱՅԻՆ ՊԱՅՔԱՐԸ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Դաշնակցական Ընկերոջ Օրինակը Ընկեր Մ. Պարոնեան

November 25, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը` Հաստատութենական Հեռանկարով

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։