Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Արդիւնքները

November 27, 2017
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

– Պարսելոնայի Նշանակած Արդար Կոլը Նկատի Չառնուեցաւ
– Պայէրն Միւնիխ Պարտուեցաւ

Պարսելոնայի նշանակած արդար կոլը

Նախորդ շաբաթավերջին եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ տեղի ունեցան բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատումներ:

Սկսելով Անգլիայէն (13-րդ հանգրուան), ցարդ անպարտելի Մանչեսթըր Սիթի արձանագրեց իր 12-րդ յաղթանակը` 2-1 արդիւնքով յաղթական վերադառնալով Հատըրսֆիլտի դաշտէն:

Անոր ետին գտնուող Մանչեսթըր քաղաքի երկրորդ խումբը` Եունայթըտ, իր կարգին 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Պրայթընի դէմ: Այս մրցումին Հենրիխ Մխիթարեան դաշտ ներկայացաւ 71-րդ վայրկեանին:

Լիվըրփուլ – Չելսի գագաթի ճակատումը աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով:

Իտալիոյ մէջ (14-րդ հանգրուան) կացութենէն բան չփոխուեցաւ առաջին երեք դիրքերուն վրայ` նկատի ունենալով, որ պարագլուխի դիրքը գրաւող Նափոլի, Ինթեր Միլան (2-րդ) եւ Եուվենթուս (3-րդ) յաղթանակներ արձանագրեցին:

Սպանիոյ մէջ (13-րդ հանգրուան), շաբթուան գագաթի ճակատումին, Վալենսիա (2-րդ) հիւրընկալեց պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պարսելոնան:

Մրցումին 30-րդ վայրկեանին, Պարսելոնա մաքուր կոլ մը նշանակեց, բայց իրաւարարը չհաշուեց այդ կոլը, հակառակ անոր որ մրցումի տեսանիւթին կրկնութիւնը ցոյց տուաւ, որ գնդակը մուտք գործեց Վալենսիայի բերդին մէջ:

Յամենայն դէպս, մրցումը շարունակուեցաւ, եւ երկու խումբերը մէկական կոլ նշանակելով այս ճակատումը աւարտեցին 1-1 հաւասարութեամբ:

Վալենսիայի կոլը նշանակեց Ռոտրիկօ (60-րդ), իսկ Պարսելոնայի հաւասարութեան կոլը` Եորտի Ալպա (82-րդ):

Ռէալ Մատրիտ 3-2 արդիւնքով յաղթեց Մալակայի: Ռէալի յաղթանակի կոլը նշանակեց Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (76-րդ): Մինչ անոր հարուածած փենալթին զսպուեցաւ բերդապահ Ռոպերթոյի կողմէ, ան վերստանալով գնդակը յաջողեցաւ զայն կոլի վերածել:

Գերմանիոյ մէջ (13-րդ հանգրուան), Պայէրն Միւնիխ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Պորուսիա Մէօնշընկլատպախի դաշտին վրայ:

Պորուսիա Տորթմունտ 4-0 արդիւնքով յառաջանալէ ետք, Շալքէի դէմ իր մրցումը աւարտեց 4-4 հաւասարութեամբ: 72-րդ վայրկեանին Տորթմունտէն կարմիր քարտ մը ստացաւ Փիեռ-Էմերիք Օպամեյանկ, մինչ հիւր կազմը իր յաղթանակի կոլը նշանակեց… 94-րդ վայրկեանին:

Վերջապէս, Ֆրանսայի մէջ (14-րդ հանգրուան), շաբթուան գագաթի ճակատումին, Մոնաքօ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Փարիզ Սեն Ժերմենէն, որ այսպիսով մնաց անպարտելի եւ 9 կէտի առաւելութեամբ` առաջին:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Այսօր Պիտի Սկսի Քաղաքական Խորհրդակցութիւններու

Յաջորդը

Ճատրակ. Աշխարհի 20 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Մանուէլ Պետրոսեան Հանդիսացաւ Փոխախոյեան

RelatedPosts

Լիբանանի Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ղատ Աֆտալ
Մարզական

Լիբանանի Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ղատ Աֆտալ

January 9, 2026
Ճատրակ.  Լեւոն Արոնեան` 2025-ին Ամէնէն Շատ Վաստկած Վարպետներէն Մէկը
Մարզական

Ճատրակ. Լեւոն Արոնեան` 2025-ին Ամէնէն Շատ Վաստկած Վարպետներէն Մէկը

January 9, 2026
Ափրիկէի Ազգերու Բաժակ.  Քառորդ Աւարտականին «Տաք» Մրցումներ
Մարզական

Ափրիկէի Ազգերու Բաժակ. Քառորդ Աւարտականին «Տաք» Մրցումներ

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.