Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Այսօր Պիտի Սկսի Քաղաքական Խորհրդակցութիւններու

November 27, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր պիտի սկսի քաղաքական խորհրդակցութիւններու, որոնք պիտի կեդրոնանան հիմնական երկու կէտերու վրայ, որոնք են` լիբանանեան ներքին հարցերուն արտաքին միջամտութիւններու մերժումը եւ Լիբանանը շրջանային հարցերէ չէզոք պահելու, այլ խօսքով` զերծ կացուցելու կարեւորութիւնը:

Նախագահ Աունի հանդիպումները պիտի կատարուին կառավարութեան մաս կազմող քաղաքական ուժերուն, ինչպէս նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան հետ:

Կը նախատեսուի, որ քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն հետ նախագահ Աունի հանդիպումները շարունակուին նաեւ երեքշաբթի օր:

Հանդիպումներուն աւարտին նախագահ Աուն այդ խորհրդակցութիւններուն արդիւնքները պիտի բաժնէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:

Միւս կողմէ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես երէկ հրապարակեց Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին մասին իր տեղեկագիրը, որ պիտի քննարկուի երեքշաբթի, 29 նոյեմբերին:

Իր տեղեկագիրին մէջ Կութիերես խստիւ դատապարտեց ամէնօրեայ դրութեամբ գործուող ոտնձգութիւնները` լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ եւ պահանջեց այդ ոտնձգութիւններուն կասեցումը:

Կութիերեսի տեղեկագիրը անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ փոխանակուած սպառնալիքներուն ու անոնց վտանգին եւ կոչ ուղղեց լիբանանեան ու իսրայէլեան կողմերուն ամէն ջանք ի գործ դնելու` յանձնառու մնալու համար ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան` պահպանելու համար սահմանային կայունութիւնը:

Կութիերես իր տեղեկագիրով մտահոգութիւն յայտնեց նաեւ Հըզպալլայի զէնքին մասին: Զայն որակելով ապօրինի զէնք` Կութիերես նշեց, որ անիկա Ապահովութեան խորհուրդը մտահոգող երեւոյթ է, յատկապէս անոր համար, որ այդ զէնքը մեղսակից է Լիբանանի արեւելեան սահմաններուն վրայ կատարուած գործողութիւններուն եւ լիբանանեան պետութեան իշխանութեան ենթակայ չէ, ինչ որ կրնայ վատթարացնել երկրին ապահովական կացութիւնը:

Կութիերես ողջունեց ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն եւ լիբանանեան բանակին միջեւ գործակցութիւնը` պահպանելու սահմանային Կապոյտ գիծը, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց լիբանանեան իշխանութիւններուն ամէն ջանք ի գործ դնելու` գործադրելու համար ՄԱԿ-ի թիւ 1559 եւ թիւ 1680 բանաձեւերը, ինչպէս նաեւ վերադառնալու լիբանանեան ազգային երկխօսութեան նիստերուն` քննարկելու համար երկրին պաշտպանողական ռազմավարութիւնը:

Նախորդը

Խմբագրական. Բազմաշառաւիղ Քաղաքականութեան Գործադրութեան Կարեւոր Անկիւնադարձը

Յաջորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Արդիւնքները

RelatedPosts

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Պատրաստ Է Իրանի Հետ  Տնտեսական Եւ Առեւտրական  Յարաբերութիւններու Ամրապնդման»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Պատրաստ Է Իրանի Հետ Տնտեսական Եւ Առեւտրական Յարաբերութիւններու Ամրապնդման»

January 10, 2026
Աուն-Ֆոն Տեր Լեյեն-Քոսթա Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Աուն-Ֆոն Տեր Լեյեն-Քոսթա Բանակցութիւններ

January 10, 2026
Ֆրանսա Կ՛ողջունէ Զէնքի Մենաշնորհման  Ծրագիրի Առաջին Փուլի Իրագործումը
Լիբանանեան

Ֆրանսա Կ՛ողջունէ Զէնքի Մենաշնորհման Ծրագիրի Առաջին Փուլի Իրագործումը

January 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.