Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Կարապետեան Ընդունած Է Հայաստանի Մէջ Ֆրանսայի Նոր Նշանակուած Դեսպան Ժոնաթան Լաքոթը

November 17, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Կարապետեան ընդունած է Հայաստանի մէջ  Ֆրանսայի նոր նշանակուած դեսպան Ժոնաթան Լաքոթը:

Վարչապետը շնորհաւորած է դեսպանը` դիւանագիտական առաքելութիւնը ստանձնելուն առիթով եւ յայտնած, որ անոր  գործունէութիւնը պիտի նպաստէ հայ-ֆրանսական բարձր մակարդակի յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման եւ ամրապնդման:

Վարչապետը կարեւոր նկատած է երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական-տնտեսական կապերու խորացումը եւ ընդգծած, որ Հայաստանը ֆրանսական ընկերութիւններու համար կրնայ  Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ իրանական շուկաներ դուրս գալու լաւագոյն հարթակը ըլլալ:

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան հեռանկարային նկատած է ներդրումային ծրագիրներու իրականացումը ուժանիւթի, գիւղատնտեսութեան, զբօսաշրջութեան, փոխադրութեան, ջրային պաշարներու կառավարման, տեղեկատուական արհեստագիտութեան եւ այլ մարզերու մէջ:

Կառավարութեան ղեկավարը կարեւոր նկատած է Ֆրանսայի դերը Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն մէջ եւ երկկողմանի համագործակցութիւնը միջազգային տարբեր հարթակներու վրայ:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` դեսպանը նշած է, որ կը կիսէ վարչապետ Կարապետեանի կարծիքը երկկողմանի յարաբերութիւններուն, որոնց շարքին` տնտեսական կապերու աշխուժացման վերաբերեալ: Ժոնաթան Լաքոթ աւելցուցած է, որ արդէն այցելած է Հայաստանի մէջ գործող ֆրանսական տարբեր ընկերութիւններ, որոնք յաջող գործունէութիւն կը ծաւալեն:

 

Նախորդը

Բաբայեան. «Տագնապի Իսկական Լուծման Գծով Դժուար Թէ Փոփոխութիւն Արձանագրուի»

Յաջորդը

Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Գոհունակութիւն Յայտնած Է Եւրոպական Խորհուրդին Կողմէ Արցախի Ինքնորոշման Իրաւունքը Ճանչցող Բանաձեւին Առնչութեամբ

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.