Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 16, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան շեշտեց, որ լիբանանցիները ամէն ջանք ի գործ կը դնեն ամրապնդելու համար Լիբանանի միասնականութիւնը, ինչպէս նաեւ իմաստութեամբ լուծելու իրենց հարցերը:

ՍՈՒՐԻՈՅ փոխվարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ երէկ ընդունեց Սուրիոյ մէջ Լիբանանի նոր նշանակուած դեսպան Սաատ Զախիան, որմէ ստանձնեց իր լիազօրագիրը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Աունի միջազգային հարցերու խորհրդատու Էլիաս Ապու Սաապ շեշտեց, որ ներկայ իշխանութիւններուն պարտականութիւնն է Լիբանանը շրջանային տագնապներէն չէզոք պահել: Ան աւելցուց, որ այս իմաստով արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի առաքելութիւնը յաջողած է:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն հիման վրայ պենզինի թիթեղին սակը սղած է 400 լ. ոսկիով, իսկ մազութինը` 300 լ. ոսկիով:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շեշտեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին Սէուտական Արաբիա կատարած այցելութենէն առաջ եւ վերջ պայմանները նոյնը չեն` աւելցնելով, որ երկու երկիրներուն եւ կրօններուն միջեւ յարաբերութիւններու նոր դարաշրջան մը գոյութիւն ունի:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի պիտի վերադառնայ Լիբանան եւ անիկա առաջնահերթութիւն է:

ՅՈՅՆ կաթողիկէ համայնքի Զահլէի եւ Ֆըրզոլի առաջնորդ Իսամ Տարուիշ եպիսկոպոս շեշտեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին Սէուտական Արաբիա այցելութիւնը կը նկատուի արաբական աշխարհին մէջ եկեղեցիներու գոյութեան նախաքայլը:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիոյ նպատակն է Լիբանանի մէջ սիւննի – շիի լարուածութիւն ստեղծել եւ սադրանքներ նախապատրաստել:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, թէ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ պատահածը կը փաստէ, որ Լիբանան բոլորը կը պաշտպանէ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ շեշտեց, որ արտածումը դարձած է տնտեսական անհրաժեշտութիւն` աւելցնելով, որ բոլորը առանց խտրութեան համաձայն են:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ հաստատեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի իր հրաժարականը յետս պիտի չկոչէ, «իսկ զայն դարձեալ վարչապետ նշանակելու պարագային կարելի պիտի չըլլայ կառավարութիւն կազմել», ըսաւ ան:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Սէուտական Արաբիոյ մէջ Ծոցի երկիրներու հարցերու պետական նախարար Թամեր Սապհան ամերիկեան վարչակազմին կողմէ պախարակուած է` Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ վարած քաղաքականութեան համար: Նոյն օրաթերթին համաձայն, Հարիրի ընտանիքը գրեթէ վստահ է, թէ վարչապետը յառաջիկայ 48 ժամուան ընթացքին պիտի հասնի Պէյրութ` պաշտօնապէս ներկայացնելու համար իր հրաժարականը:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանան կը պատրաստուի մասնակցելու կիրակի օր գումարուելիք արաբ արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին:

 

Նախորդը

Լիբանանի Հայոց Թեմը Ընտրեց Ազգային Ընդհանուր Ժողովի Իր Պատգամաւորները

Յաջորդը

Բանակը Ձերբակալեց Մուսթաֆա Հուժէյրին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.