Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաշտպանութեան Վարդապետութիւնը

November 14, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Պատերազմի մէջ գտնուող երկիր մը չի կրնար իր պաշտպանական ուժը սոսկ ռազմական տեսանկիւնէ գնահատել: Մեր հայրենիքի պայմաններուն մէջ գտնուող երկրի մը ղեկավարները պարտաւոր են զինուորագրուիլ պաշտպանութեան վարդապետութեան մը, որ նկատի կ՛առնէ ազգի ամբողջական ներուժի օգտագործումը:

Ազգի ամբողջական ներուժին տիրապետելու համար իշխանութեան գլուխ կանգնողները պարտաւոր են երկրին մէջ ստեղծել բարոյահոգեբանական այնպիսի՛ մթնոլորտ մը, որ հայրենիքի պաշտպանութեան գործը դառնայ բոլո՛ր քաղաքացիներուն, բոլո՛ր հայերուն մտասեւեռումը: Ժամանակին նման մթնոլորտի մը ստեղծումը մեր երկրի ժողովրդագրական ճգնաժամին առաջքը կրնար առնել, եւ այս տարկետումները վերացնելու անհրաժեշտութիւնը հաւանաբար չէր զգացուեր:

Հիմա, դժբախտաբա՛ր, այդ մթնոլորտը մեր ցանկութեան չի համապատասխաներ: Այդ անհամապատասխանութիւնը գլխաւոր յանցաւորն է Հայաստանի ուսանողութեան ընդվզումին` ուսման շարունակականութիւնը պարտադիր զինուորական ծառայութեամբ ընդմիջելուն դէմ, այսպէս կոչուած` տարկետման իրաւունքի վերացման առիթով դրսեւորուած:

Եթէ Հայաստանի իշխանաւորները գիտակցին եւ կտրուկ մերժումներու փոխարէն` իրական լուծումներ գտնելու տրամադրութիւն ցոյց տան, ապա թերեւս կարելի ըլլայ երկրին մէջ նոր սկիզբի մը յոյսը ունենալ: Ուսանողներու եւ կառավարութեան ղեկավարներուն միջեւ ողջունելի երկխօսութիւնը, որ արդէն սկսած է, եւ յուսանք, որ կը շարունակուի, լաւատեսութեան հիմք կրնայ դառնալ բարւոք լուծման մը յանգելու ուղղութեամբ:

Այս պահուն ուսանողներու հայրենասիրութիւնը կասկածի տակ առնելու որեւէ մօտեցում պարզապէս անընդունելի՛ պէտք է ըլլայ: Հայրենասիրութիւն քարոզողները պէտք է հայրենիքը բարգաւաճ ու հզօր պահելու իրենց գործով չափեն ուսանողներուն հայրենասիրութիւնը գնահատելու իրաւունքը:

 

 

Նախորդը

Սեւ-­Քա­րե­ցի ­Սա­գօ (­Ծո­վա­նեան ­Սար­գիս, 1870-1908). ­Ֆե­տա­յա­կան Շարժ­ման դաշ­նակ­ցա­կան նա­խա­կա­րա­պետ­նե­րուն ա­ռինք­նող դէմ­քը

Յաջորդը

Սարգիս Զէյթլեան Դաշնակցական խմբագիրը, գործիչը, ղեկավարը

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.