Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ «Ռոստոմ» Կոմիտէ. Ընթրիք-Հանդիպում` Հայաշէնի Ժողովրդային Տան Մէջ

November 10, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէին, երէկ` հինգշաբթի, 9 նոյեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-էն սկսեալ, Հայաշէնի ակումբին «Սեդրակ Աճեմեան»  սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընթրիք-հանդիպում մը` ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Համբիկ Միսաքեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ ըսաւ, որ հաւաքին նպատակը նախապատրաստութիւնն է յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն, որոնք պիտի կատարուին 2018 թուականի մայիս ամսուան ընթացքին: Ան անհրաժեշտ նկատեց իբրեւ մէկ ուժ մասնակցիլ ընտրութեանց` կատարելու համար քաղաքացիական պարտականութիւնը եւ պաշտպանելու հայ համայնքին իրաւունքները: Ան ըսաւ, որ ակումբին մէջ յառաջացուած երեսփոխանական գրասենեակը օգտակար պիտի դառնայ բոլորին, ապա հրաւիրեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին, որ իր խօսքը ուղղէ ներկաներուն:

Յակոբ Բագրատունի իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, որ Հայաշէնը կը մնայ Լիբանանի հայութեան համար բաբախող սրտի կարեւոր երակներէն մէկը, ապա չորս խորհրդածութիւններով ամփոփեց իր խօսքը: Առաջին հիմնական խնդիրը հայ ժողովուրդի ինքնութեան պահպանման խնդիրն է, ըսաւ ան, ապա շարունակեց. «Պիտի ուզէինք բնականաբար, որ այս սրահին մէջ ըլլային շատ աւելի մեծ թիւով երիտասարդներ, բայց տնտեսական դժուար պայմաններու բերմամբ այսօր չեն կրնար ներկայ ըլլալ, պիտի ուզէինք, որ ներկայ ըլլան օտար ամուսնութիւններ կնքած զոյգեր, իրենց զաւակները օտար դպրոց ղրկող ծնողները, որպէսզի յստակօրէն իրենց ըսէինք, որ այս երկիրը տակաւին համայնքային երկիր է ու պիտի մնայ եւ ոչ ոք թող երազէ, որ իր համայնքէն դուրս որեւէ ձեւով հարց կրնայ լուծել, ոչ ոք թող երազէ, որ մեր համայնքը կ՛ապրի օտարին, ոչ հայուն մղումով, ոչ հայուն ներդրումով: Այն անհատը, որ մեր ժողովուրդի ծառայութեան մէջ չէ, այն անհատը եւ իր զաւակները, որոնք չեն դաստիարակուիր մեր ժողովուրդի ծառայութեան մէջ ըլլալու, ինչո՞ւ մենք պէտք է գուրգուրանք անոնց, որպէսզի երթան եւ մեր ժողովուրդի պատկանելիութեան անունը առած ըլլալով իրենց առաւելութիւնները ուրիշին ծառայութեան մէ՞ջ դնեն»:

Երկրորդ խորհրդածութիւնը, որ մատնանշեց Յ. Բագրատունին, ինքնութեան պահպանման տագնապն է` խառն ամուսնութիւններ, օտար վարժարաններ, ընկերային ցանցեր, ընտանեկան արժէքներու անկում, աւանդութիւններու կորուստ եւ այլն:

Ան ըսաւ, որ «մայիս ամիսէն ի վեր յաջողած ենք 152 պարագաներու օգտակար դառնալ`  հայ զոյգերու ամուսնութեան եկեղեցական ծախսերը վճարելով, մկրտութեան ծախսեր վճարելով, երրորդ եւ աւելի զաւակներու 2000 տոլար վճարելով, եւ յառաջիկայ շաբաթներուն շուրջ 200 ուսանողի կրթաթոշակի օժանդակութիւն տալով, այս բոլորը, որովհետեւ կը հաւատանք, որ ազգային մեր ինքնութիւնը ամրապնդելու պահանջ ունինք, այլապէս պիտի կորսուինք»:

Երրորդ խորհրդածութեամբ Բագրատունի ըսաւ, որ հայութիւնը հսկայ շղթայ մըն է եւ իւրաքանչիւր գաղութ` այդ շղթային մէկ օղակը. այդ շղթան ամրապնդուած է պողպատեայ հաստ օղակով, որուն բաղկացուցիչներն են Հայաստանն ու Արցախը: Այդ շղթային օղակներն են` Աւստրալիան, Ամերիկաները, Քանատան, Մոսկուան, Շուէտը, Ֆրանսան, արաբական երկիրները, հոն, ուր որ հայ կայ, բայց այդ շղթային մէջ Հայաստանի կողքին եւ Հայաստանի չափ Լիբանանի հայութիւնը պողպատեայ օղակ ունի: Եթէ քանդուի այդ օղակը, վստահ, որ շատ արագ կերպով պիտի քայքայուի ամբողջ շղթան, շատ արագ կերպով սփիւռքի հայութիւնը պիտի տկարանայ, եւ բնականաբար Հայաստանը եւ Արցախը պիտի տուժեն: Հակառակ Լիբանանի դժուարութիւններուն, մենք տակաւին ի վիճակի ենք մեր միւս գաղութներուն երակով արիւն հասցնելու:

Չորրորդը` քաղաքական գործին մէջ մեր ժողովուրդին իրական ծառայութիւնն է, ըսաւ ան, ապա աւելցուց.  «Մեր քաղաքական գործը ղեկավարող ընկերները եւ պատասխանատուները չեն նմանիր այլոց: Իրենց բացառիկ մեծ գործը` Դաշնակցութեան մէջ սորված, մեր ժողովուրդին համար ծառայելու առաքելութեան կամքն է: Մենք սորված ենք, որ ինչքան ծառայենք, այդքան աւելի կը հարստանանք հոգիով, մտքով, սրտով, բայց ամէնէն աւելի կը հարստանանք հայկականութեամբ»: Ան ըսաւ նաեւ, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին, եւ պէտք է պատրաստ ըլլանք առաւելագոյն թիւով քուէարկելու յատկապէս Պէյրութի ընտրաշրջանին մէջ, ուր պիտի ունենանք 4 թեկնածու, որոնք պիտի ընտրուին մեր քուէներով: Ան կոչ ուղղեց արտերկրի լիբանանահայերուն, որ արձանագրուին եւ քուէարկեն: Յ. Բագրատունի իր խօսքը աւարտեց ըսելով. «Հայկական երեսփոխանական աթոռներու թեկնածուներուն նշանակումը կը վերապահուի միայն հայկական հեղինակութիւններուն, հայկական կուսակցութիւններուն, միութիւններուն եւ շրջանակներուն: Ինչքան կրնանք յաջողակ ձեւով մեր գործը կատարել, այդքան աւելի ապագային կրնանք ծառայել մեր ժողովուրդին: Հիմնականը մեր քաղաքական ուժն է, եթէ աւելի թիւով ներկայացուցիչներ ունենանք, մեր ձայնը շատ աւելի բարձր կ՛ըլլայ, շատ աւելի օգտակար ըլլալու, մեր պարտականութիւնը եւ ծառայութիւնը կատարելու միջոցները կ՛աւելնան»:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ ընթրիք` ընկերական մտերմիկ ու հարազատ մթնոլորտի մը մէջ: Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկաւ Կարպիս Էօլտեքեան եւ սաքսոֆոնով մեծապէս խանդավառեց մթնոլորտը:

Նախորդը

Տատրակ Կամ Մշոյ Գեղամ. Վերահաս Աղէտի Մը Արթուն Դիտորդը

Յաջորդը

Խըրխըզիստան Ջնջած Է Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Ծիրին Մէջ Տնտեսական Համագործակցութեան Մասին Ղազախստանի Հետ Կնքած Համաձայնագիրը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 2, 2026
Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.