Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը, որ նախանցեալ օր Պէյրութի միջազգային օդակայանէն մեկնեցաւ Սինկափուր, այսօր դաշտին տիրոջ դէմ պիտի կատարէ ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցում մը: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 13:30-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Այսօրուան այս մրցումը Լիբանանի համար պիտի ըլլայ շատ կարեւոր եւ նախապատրաստական վերջին հանգրուանը` նկատի ունենալով, որ մրցումին յաջորդող օրը խումբը Սինկափուրէն պիտի մեկնի Հոնկ Քոնկ, ուր կարեւոր մրցում մը ունի կատարելիք դաշտին տիրոջ դէմ, Ասիա-2019-ի բաժակի մրցաշարքի զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, որոնց աւարտական հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ:
Շատ հաւանական է, որ այս մրցումին Լիբանանի մոնթենեկրացի մարզիչ Միոտրակ Ռատոլովիչ պահը յարմար նկատելով շատ հաւանաբար առիթ տայ նոյնիսկ իր պահեստի մարզիկներուն, որպէսզի դաշտ ներկայանան:


