
Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան բարձրագոյն դասակարգի մրցումներուն («Փրեմիեր լիկ») բաւական ձախող արդիւնքներ արձանագրելուն պատճառով, Ուեսթ Համ որոշեց պաշտօնանկ ընել իր խրուաթ մարզիչ Սլաւէն Պիլիչը, ինչպէս նաեւ անոր հետ միասին գործող մարզիչներու կազմը:
49 տարեկան Պիլիչ 2015-էն ի վեր խումբին մարզիչն է:
Ներկայ դրութեամբ խումբը վտանգուած է Ա. դասակարգ փոխադրուելու առումով` նկատի ունենալով, որ 11-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք լոնտոնեան խումբը 9 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 18-րդ վտանգաւոր դիրքը:
Պիլիչի փոխարէն նոր մարզիչ նշանակուեցաւ սկովտիացի Տէյվիտ Մոյես, որ անցեալին եղած է Մանչեսթըր Եունայթըտի մարզիչը:


