Սէուտական ղեկավարութեամբ Արաբական դաշինքը հուսիներու արձակած «թեւաւոր հրթիռներու» հարցով հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, որ «ժամանակաւորապէս» կը փակէ Եմէնի ծովային, օդային ու ցամաքային անցքերը, եւ կոչ ուղղեց Իրանը պատասխանատուութեան ենթարկելու` հուսիներուն աջակցելով միջազգային որոշումները ոտնահարելուն համար:
Դաշինքը երէկ արշալոյսին հրապարակուած իր հաղորդագրութեան մէջ յայտնեց, որ հուսիներուն հրթիռներու մատակարարման Իրանի մեղսակցութիւնը այդ խմբաւորումը զինելը արգիլող ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումներուն բացայայտ ոտնահարում մըն է:
Դաշինքը նշեց, որ Իրանի «մեղսակցութիւնը» կը նկատուի բացայայտ յարձակում մը դրացի երկիրներուն, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան ու խաղաղութեան դէմ: Հաղորդագրութիւնը մասնաւորաբար կը նշէ, որ ատիկա կը նկատուի Իրանի կողմէ բացայայտ եւ ուղղակի նախայարձակում մը եւ «Սէուտական Արաբիոյ դէմ պատերազմական արարք մը»` ընդգծելով. «Թագաւորութիւնը օրինական իրաւունքը ունի իր հողերն ու ժողովուրդը պաշտպանելու»:
«Թագաւորութիւնը ինքն իրեն կը վերապահէ միջազգային օրէնքին համաձայն յարմար պահուն եւ ձեւով ինքզինք պաշտպանելու իրաւունքը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց շաբաթ օր Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի դէմ հուսիներուն կողմէ թեւաւոր հրթիռի արձակումը` ընդգծելով, թէ Անգարա «ուրախ է, որ սէուտական ուժերը կրցան ձախողութեան մատնել յարձակումը, վար առնել հրթիռը, եւ մարդկային ու նիւթական վնասներ չարձանագրուեցան»:


