Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արմէն Մովսիսեան. Կեանքը` Երգով

November 6, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գրեթէ տասը տարուան բացակայութենէ ետք, հեղինակային հարազատ երգերու հայրենի մեկնաբան Արմէն Մովսիսեան երէկ` կիրակի, 5 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ կրկին ժամադրուած էր լիբանանահայ արուեստասէրներուն հետ` անոնց հրամցնելու իր հին ու նոր երգերէն ընտրանի մը:

«Տիսքօ Եանկ»-ին կողմէ կազմակերպուած երգահանդէսին բացումը կատարեց եւ երեկոն վարեց Փաթիլ Մկրտիչեան, որ ողջունեց հոգեհարազատ երգերու մեկնաբանը եւ դիտել տուաւ, որ լիբանանահայութիւնը արդէն իսկ կարօտ ունէր անոր երգերուն: Ապա Փ. Մկրտիչեան շնորհակալութիւն յայտնեց երեւելի եւ քուլիսներու ետին գործող բոլոր անհատներուն կամ հաստատութիւններուն, որոնք օժանդակեցին համերգի յաջողութեան:

Ապա բեմ բարձրացաւ Արմէն Մովսիսեան, որ իր երգերուն ընդմէջէն ներկայացուց ապրուած կեանքէ դրուագներ, պահեր, կացութիւններ, սէր եւ յուզում, կարօտ եւ զղջում, մտերմութիւն եւ նահատակութիւն: «Երգ յաւերժութեան», «Օրօրոցային», «Ներէք ինձ տղերք», «Մանչս», «Զինուորի երգը», «Աղունիկ», «Վեր կաց եղբայր իմ», «Պզտիկ թագուհի» եւ այլ երգերով Արմէն Մովսիսեան մերթ ուրախութիւն, մերթ յուզում ու կարօտ, մերթ ծնողական սէր ու գուրգուրանք արթնցուց ներկաներուն սրտերուն եւ մտքերուն մէջ, զանոնք տարաւ դէպի սահման, ուր կը մարտնչին նուիրեալ ազատամարտիկներն ու զինուորները, տարաւ Արեւմտեան Հայաստան, բռնագրաւուած պապենական հողեր, Կիլիկիոյ ծովուն բացերը, Հայաստան` իր լաւով ու թերիներով, հրաւիրեց իր տունը` ծանօթանալու պզտիկ թագուհիին, լուսարձակի տակ առաւ սխալն ու անօրինականը մերժելու եւ ճշմարտութեան կառչելու հրամայականը:

Համերգին ընթացքին գաւառական եւ յեղափոխական երգերով` «Քոչարի», «Ճէյրան բալա», «Պիտի գնանք վաղ թէ ուշ», «Գինի Լից», «Սուրիահայ քաջեր» եւ այլն, ելոյթ ունեցաւ նաեւ Նժդեհ Շահինեան` երգեհոնի ընկերակցութեամբ Սագօ Պետրոսեանի, իսկ տհոլի նուագակցութեամբ Արամ Տաղլեանի:

 

Նախորդը

Դոկտ. Նորա Արիսեան Ձեռք Ձգած Է Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ Նորագոյն Լուսանկարները

Յաջորդը

ՀՅԴ «Ն. Աղբալեան» Կոմիտէ. Ճաշկերոյթ` Երգեցողութեամբ Վարդան Պատալեանի Եւ Ընկերակցութեամբ «Շերամ» Նուագախումբի

RelatedPosts

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի «Նաւասարդեան»  Առաջին Մարզախաղերու Փակման Եւ ԼԵՎԱՄ-ի  60-Ամեակի Բացման Հանդիսութիւն
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի «Նաւասարդեան» Առաջին Մարզախաղերու Փակման Եւ ԼԵՎԱՄ-ի 60-Ամեակի Բացման Հանդիսութիւն

November 2, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ռուսիոյ  Նախկին Վարչապետ Սերկէյ Սթեփաշինը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ռուսիոյ Նախկին Վարչապետ Սերկէյ Սթեփաշինը

November 2, 2026
Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը
Գաղութային

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.