Ասթանայի մէջ միջսուրիական բանակցութիւններուն Ռուսիոյ պատուիրակ Ալեքսանտր Լաւրենթիեւ յայտարարեց. «Դամասկոս պատրաստ է (սուրիական տագնապի) քաղաքական լուծման մէջ յառաջդիմութեան համար սահմանադրական բարեփոխումներ կատարելու եւ այլ միջոցառումներ որդեգրելու»:
Ան յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ քննարկած է փոխանցման փուլը` նշելով, որ Ասատ կը գիտակցի սուրիական տագնապի լուծման համար ազգային երկխօսութեան ձեռնարկման կարեւորութիւնը:
Լաւրենթիեւ յոյս յայտնեց, որ քանի մը շաբթուան ընթացքին վերջ պիտի տրուի Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի գոյութեան:
«Իտլիպի մէջ լարուածութեան համեմատութիւնը տակաւին բարձր է, եւ Թուրքիա տակաւին ըստ Ասթանայի համաձայնութեան անցարգելներ չհաստատեց: Մենք կը յուսանք, որ թրքական կողմը հաւատարիմ կը մնայ Ասթանայի համաձայնութեամբ իր ստանձնած յանձնառութիւններուն», նշեց Ռուսիոյ պատուիրակը:
«Մենք ջանք պիտի թափենք կանխարգիլելու ամերիկացիներուն եւ Սուրիոյ կառավարական ուժերուն միջեւ որեւէ բախում», ըսաւ ան:
Լաւրենթիեւ սուրիական ընդդիմութեան կոչ ուղղեց` հրաժարելու երկխօսութեան մասնակցութեան համար նախապայմաններէն:
Ան նշեց, որ բազմաթիւ տեղահանուածներ վերադարձած են ազատագրուած շրջաններուն մէջ գտնուող իրենց տուները:


