
Նախորդ շաբաթավերջին, եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Անգլիոյ մէջ (10-րդ հանգրուան) տիրող կացութենէն բան չփոխուեցաւ, որովհետեւ Մանչեսթըր Սիթի եւ Մանչեսթըր Եունայթըտ յաղթանակներ արձանագրելով մնացին յաջորդաբար առաջին եւ երկրորդ դիրքերուն վրայ:
Իտալիոյ մէջ եւս (11-րդ հանգրուան) դասաւորման պատկերը մնաց անփոփոխ, որովհետեւ Նափոլի (առաջին) եւ Եուվենթուս (2-րդ) յաղթանակներ արձանագրեցին:
Սակայն Սպանիոյ մէջ, մինչ Պարսելոնա (առաջին) յաղթեց, անդին Ռէալ Մատրիտ (3-րդ) Քաթալոնիոյ մէջ կրեց անսպասելի պարտութիւն մը նորեկ խումբէն` Կիրոնայէն, 2-1 արդիւնքով:
Գերմանիոյ մէջ (10-րդ), օգտուելով Պորուսիա Տորթմունտի կրած պարտութենէն (Հանովըր-96-էն` 4-2 արդիւնքով), Պայէրն Միւնիխ անկէ խլեց պարագլուխի դիրքը (երեք կէտի առաւելութիւն մը ունենալով անոր վրայ)` 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Լայփցիկին:
Ֆրանսայի մէջ (11-րդ հանգրուան), Փարիզ Սեն Ժերմեն (առաջին) շարունակեց չորս կէտի իր առաւելութիւնը պահել Մոնաքոյի վրայ (2-րդ). անոնք երկուքն ալ յաղթեցին:


