Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մերքելի Կուսակցութիւնը 2012-ին Ազրպէյճանէն Ստացած Է Մեծագումար Նուիրատուութիւն

October 30, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գերմանիոյ Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան Ֆրանքֆորթի շրջանային մասնաճիւղը 2012-ին ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ քարիւղի պետական ընկերութենէն ստացած է 28 հազար եւրօ` խախտելով կուսակցութիւններու նուիրատութիւններու մասին Գերմանիոյ օրէնքները: Այս մասին կը յայտնէ «Տէօչէ Վելլէ»-ն` վկայակոչելով լրատուամիջոցներու համախմբումը, որուն մաս կը կազմեն պետական պատկերասփիւռի կայաններ «Էն.Տի.Առ»-ը, «Ու.Տի.Առ»-ը եւ «Սիւտէօչէ Ցայթունկ» օրաթերթը:

Ըստ «Տէօչէ Վելլէ»-ի, 3000 եւ 25000 եւրոյի չափով երկու վճարումները կատարուած են փետրուար 2012-ի վերջաւորութեան, Գերմանիոյ մէջ ՍՈՔԱՐ-ի ներկայացուցչութեան միջոցով, Ֆրանքֆուրթի մէջ կուսակցութեան շրջանային մասնաճիւղի հաշուոյն: Ատիկա դարձած է Պունտըսթակի գործերով վարչութեան հետ չորս տարի տեւած իրաւական վէճին պատճառ, որովհետեւ Գերմանիոյ օրէնսդրութիւնը կուսակցութիւններուն կ՛արգիլէ նուիրատուութիւններ ստանալ Եւրոպական Միութեան մաս չկազմող երկիրներէն:

Պերլինի մէջ կուսակցութեան գլխաւոր գրասենեակի հաշուապահները այդ իրավիճակին մասին տեղեկացուցած են կուսակցութիւններու ֆինանսաւորումը վերահսկող Պունտըսթակի վարչութիւնը, որ արդէն 2013-ի աշնան վճռած է, թէ օրէնքին համաձայն, այդ նուիրատուութիւնը անթոյլատրելի է, հակառակ անոր որ անիկա ստացուած է գերմանական հաշիւէ: Քրիստոնեայ ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը նուիրատուութեան ամբողջ գումարը փոխանցած է դաշնակցային գանձարան:

Հակառակ օրէնքի խախտումին, կուսակցութիւնը ստիպուած պիտի չըլլայ տուգանք վճարել. Լայփցիկի վարչական դատարանը այս տարուան ապրիլին վճռած էր, որ մեղայականով ներկայանալը կրնայ ո՛չ միայն մեղմացնել պատիժը, այլ նաեւ արտօնել ամբողջովին խուսափիլ ատկէ:

Լրատուամիջոցը կը գրէ, թէ Պունտըսթակի վարչութիւնը չէ ուսումնասիրած, թէ ազրպէյճանական պետական ընկերութիւնը ինչո՛ւ Քրիստոնեայ ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան տասնեակ հազարաւոր եւրոներ նուիրած է: ՍՈՔԱՐ-ի գերմանական բաժինի ղեկավար Էլմար Մամետովի համաձայն, քաղաքական գործիչներու եւ պաշտօնեաներու հետ գործակցութիւնը կարեւոր է անոր համար` «Ազրպէյճանի եւ ՍՈՔԱՐ-ի աշխարհաքաղաքական նշանակութեան լոյսին տակ»: Այդ մասին կը վկայէ, օրինակ, կազի խողովակաշարի նախագիծը, որ կ՛անցնի եօթը երկիրներէ եւ որ պէտք է աւարտին հասցուի 2019-ին: Այդ նախագիծը որդեգրուած է 2013-ին` ուժանիւթի հարցերով Եւրոպական Միութեան այդ ժամանակուան յանձնակատար, գերմանացի քաղաքական գործիչ, Քրիստոնեայ ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան անդամ Կունթըր Էթինկըրի աջակցութեամբ:

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներ Մերժած Են Մուտքի Արտօնագիրներ Տրամադրել Թուրքիոյ Արդարադատութեան Նախարարութեան Պատուիրակութեան

Յաջորդը

Թրամփ Մտադիր Է Հզօրացնել Միացեալ Նահանգներու Հիւլէական Զինանոցը

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի  Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»
Միջազգային

Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»

October 29, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ  Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են
Միջազգային

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.