Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ ԶՈՄ-ի Զաւարեան Ուսանողական Գրասենեակ. Հայկական Երկրորդական Վարժարաններու Գերազանց Աշակերտներու Պարգեւատրման Հանդիսութիւն

October 28, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան Զաւարեան ուսանողական գրասենեակին, երէկ` ուրբաթ, 27 հոկտեմբեր  2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին տեղի ունեցաւ հայկական երկրորդական վարժարաններու գերազանց աշակերտներու պարգեւատրման հանդիսութիւնը: Օրուան պատգամախօսն էր դոկտ. Լեւոն Աւետանեան:

Զաւարեան ուսանողական միութեան կողմէ բացման խօսքը արտասանեց Ալիք Մեսրոպեան: Ան ողջունելէ ետք ներկաները, շնորհաւորեց 13 հայկական վարժարաններէ 63 աշակերտներուն հպարտալի արդիւնքները: Մեսրոպեան ըսաւ, թէ այսօրուան իրադարձութիւնը անգամ մը եւս կու գայ հաւատքը զօրացնելու հայկական վարժարաններուն նկատմամբ: Ան շեշտեց, որ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը միշտ կը մնայ եւ պիտի շարունակէ մնալ հայ ուսանողին կողքին: Ան անգամ մը եւս շնորհաւորեց աշակերտները եւ յատուկ ձեւով նաեւ շնորհաւորեց ծնողներն ու ուսուցչական կազմերը: Մեսրոպեան օրուան բարերարներուն շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք բեմ հրաւիրեց Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցէն խումբ մը աշակերտներ` ներկայացնելու համար գեղարուեստական յայտագիր մը:

Ապա, լսելէ ետք դոկտ. Աւետանեանի կենսագրութիւնը, ներկաները ողջունեցին օրուան պատգամախօսը` լսելու համար անոր պատգամը: Դոկտ. Լեւոն Աւետանեան իր խօսքին սկիզբը շնորհակալութիւն յայտնեց Զաւարեան ուսանողական միութեան` հետեւողականօրէն նման շինիչ հանդիսութիւններ կազմակերպելուն համար: Ան ըսաւ, թէ այս հանդիսութիւնը պարզապէս մեր երիտասարդութեան նուաճումներուն անդրադառնալու առիթ մը չէ, այլ միջոց մը` այդ յաջողութիւններուն օրինակը հրապարակայնացնելու եւ անոնց խորհուրդը այլ ուսանողներու սեփականութիւնը դարձնելու: Աւետանեան ըսաւ, թէ այս հանդիսութեամբ, 63 գերազանց աշակերտներու օրինակը լուսարձակի տակ բերելով, ԶՈՄ-ը նպաստած կ՛ըլլայ անոնց նուաճումներու կրկնօրինակման հաւանականութեան ամրապնդման:

Դոկտ. Աւետանեան գնահատելով աշակերտներուն անհատական ճիգերը ուզեց նաեւ ուսուցիչներու յատուկ դերին անդրադառնալ: Ան շեշտեց, որ արհեստագիտական սլացքներու այս ժամանակաշրջանին, համակարգչային կամ լսատեսողական ոչ մէկ հնարք կրնայ փոխարինել յանձնառու ուսուցիչին գուրգուրանքը իր աշակերտին նկատմամբ: Աւետանեան նաեւ շնորհաւորեց ծնողները, որոնց աշխատանքը մեծ ներդրում ունի աշակերտներուն յաջողութեան մէջ:

Դոկտ. Աւետանեան շեշտեց անհրաժեշտութիւնը կատարելութեան ձգտումին, որ յաճախ կ՛առաջնորդէ յաջողութեան: Ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ նկատեց անխոնջ աշխատանքն ու հետեւողականութիւնը, որոնք երաշխիքն են յաջող արդիւնքներու: Աւետանեան ըսաւ, թէ յաջողութիւնը կը պայմանաւորուի ընկրկումներէն չյուսալքուելու եւ ձախողութիւններէն անհրաժեշտ դասեր քաղելու պատրաստակամութեամբ:

Պատգամախօսը իր խօսքը ուղղելով աշակերտներուն ըսաւ, թէ անոնք հայկական վարժարանի մէջ ստացած իրենց ուսումով արդէն իսկ զինուած են շրջապատի մարտահրաւէրները յաջողութեամբ դիմագրաւելու որոշ զէնքերով: Այդ զէնքերը անոնց ամբարած անկենդան պաշարը չէ միայն, ըսաւ Աւետանեան, այլ նաեւ այն հմտութիւններն ու մանաւանդ արժէքները, զորս կոչուած են անոնք կիրարկելու իրենց կեանքի յաջորդ փուլերուն ընթացքին:

Աւետանեան իր խօսքին աւարտին ըսաւ, թէ իւրաքանչիւր աշակերտ պէտք է դառնայ գիտական տիպար մը, արդիականութեան տիպար մը: Ան ըսաւ, թէ աւանդապահ ըլլալով հանդերձ, իւրաքանչիւրը իր շրջապատը պէտք է զինէ արդիականութեամբ: Ան աւելցուց, որ անոնք պէտք է ըլլան բարեկարգչական, սկզբունքայնութեան եւ հայկականութեան տիպարներ: Ապա Աւետանեան աշակերտներուն կանաչ ճանապարհ մաղթելով` կրկին շնորհաւորեց ներկաները:

Պատգամախօսին ելոյթէն ետք տեղի ունեցաւ վկայագիրներու բաշխումը, որուն ընթացքին դոկտ. Աւետանեան իւրաքանչիւր աշակերտի յանձնեց իր պարգեւն ու վկայագիրը:

 

Նախորդը

Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիր (9). «Ապագայ Լրագրողներ»-Ը Կատարեցին Լուրերու Պատրաստութեան Իրենց Առաջին Գործնական Փորձը

Յաջորդը

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբի Վարչութիւն. Յուշ-Երեկոյ` Նուիրուած Բեմադրիչ Եւ Դերասան Սիմոն Մնակեանի

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.