Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաղտատէն Ետք Անգարա Եւս Կը Մերժէ Հանրաքուէի Արդիւնքը Սառեցնելու Էրպիլի Առաջարկը

October 27, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարեց. «Իրաքի քիւրտերու անկախութեան ձգտումը սառեցնելու առաջարկը կարեւոր է, սակայն ոչ բաւարար»:

Յիշեցնենք, որ Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի կառավարութիւնը մէկ օր առաջ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով առաջարկած էր սառեցնել անցեալ ամիս տեղի ունեցած անկախութեան հանրաքուէին արդիւնքը, անմիջապէս կրակոցները դադրեցնել եւ Իրաքի կեդրոնական կառավարութեան հետ բանակցութիւններու սկսիլ: Պաղտատ մերժած էր առաջարկը` նշելով, որ իրենք հանրաքուէի արդիւնքին չեղեալ յայտարարումը կ՛ուզեն եւ ոչ թէ առկախումը:

Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ իր կարգին յայտնեց. «Հիւսիսային Իրաքի մարզի վարչութեան` հանրաքուէի արդիւնքը սառեցնելու առաջարկը պիտի չվերականգնէ քանդուածը»:

Ան ըսաւ, որ թրքական կառավարութիւնը Իրաքի հետ կ՛աշխատի երկու երկիրներուն միջեւ սահմանային անցքերը Պաղտատի մէջ կեդրոնական կառավարութեան յանձնելու ուղղութեամբ, եւ ինք երկու օր առաջ Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատիի հետ քննարկած է երկու երկիրներուն միջեւ սահմանային նոր անցք մը բանալու հարցը:

Թուրքիոյ վարչապետը յայտնեց, որ իր երկիրը Թուրքիոյ եւ Իրաքի միջեւ սահմանային անցքերու ստանձնելու հարցին մէջ ամբողջականօրէն կը զօրակցի Պաղտատի կեդրոնական կառավարութեան:

Միւս կողմէ, Քրտական ինքնավար մարզի անվտանգութեան խորհուրդը յայտարարեց, որ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը կ՛աջակցի Մուսուլի արեւմուտքը Փեշմերկաներուն դէմ իրաքեան ուժերուն կատարած յարձակումին:

Խորհուրդը նախապէս հաղորդած էր, որ իրաքեան ուժերն ու աշխարհազօրը Մուսուլի հիւսիս- արեւմուտքը գտնուող Զիմարի մէջ կը ռմբակոծեն Փեշմերկաներուն դիրքերը:

 

 

Նախորդը

Այսօր Սպանիոյ Ծերակոյտի Նիստ. Քաթալոնիոյ Ղեկավարը Բացառեց Տագնապի Լուծման Համար Կանխահաս Ընտրութիւններու Ընտրանքը

Յաջորդը

Թիլըրսըն. «ՏԱՀԵՇ-ի Պարտութիւնն Ու Սուրիոյ Իրադարձութիւնները Իրանի Յաղթանակը Չեմ Նկատեր»

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.