ԱՅՍՕՐ՛ «ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ»-ԷՆ
—————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը կը գուժէ իր երկարամեայ եւ վաստակաշատ նախկին անդամին`
ԱՐԱՄ ԱՊԱՃԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 21 հոկտեմբեր 2017-ին:
—————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Զարուհի Ագըլեան (Փարիզ)
Օրդ. Սոնիա Ագըլեան (Փարիզ)
Տէր եւ տիկին Յարութիւն եւ Նելլի Ագըլեան եւ զաւակունք (Փարիզ)
Տէր եւ տիկին Ժորժ եւ Ժաքլին Ագըլեան
Տէր եւ տիկին Պենի եւ Մաքրուհի Սմաան եւ զաւակունք (Հալէպ)
Տիկին Մակալի Ագըլեան եւ զաւակունք (Քանատա)
Տէր եւ տիկին Նշան եւ Լենա Ագըլեան եւ զաւակունք
Օրդ. Սեդա Ագըլեան (Քանատա)
Տիկին Ազատուհի Ագըլեան-Աթալլա (Քանատա)
Տիար Վարուժան Ագըլեան (Քանատա)
Տէր եւ տիկին Մեսրոպ եւ Այտա Քենտիրճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Գրիգոր եւ Սանտրին Ագըլեան եւ զաւակունք (Փարիզ)
Տէր եւ տիկին Ղասսան եւ Վիգի Քարքաշ
Տիկին Ժինեթ Պոնտոնօ (Փարիզ)
Ագըլեան եւ Վարդերեսեան ընտանիքներ
Պոնտոնօ եւ Օժետա ընտանիքներ
Նարկիզեան եւ Սմաան ընտանիքներ
Քենտիրճեան եւ Լը Մուելեք ընտանիքներ
Քարքաշ եւ Գասպարեան ընտանիքներ
Գանլճեան եւ Միթիլեան ընտանիքներ
Տէր Յարութիւնեան եւ Թահմազեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`
ՎԱՐԴԱՆ ԱԳԸԼԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 22 հոկտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 10:30-ին, Փարիզի մէջ, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի ուրբաթ, 27 հոկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 10:00-ին, Իսի Լէ Մուլինոյի Սենթ Մարի Մեր Տը Տիէօ եկեղեցւոյ մէջ:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին հանգուցեալին եղբօր` Ժորժ Ագըլեանի բնակարանը, Տըքուենի, ուրբաթ, 27 եւ շաբաթ, 28 հոկտեմբեր 2017-ին:
—————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Ալիս Ապաճեան եւ դուստրը` Անի
Տէր եւ տիկին Կարպիս եւ Օլուին Ապաճեան եւ դստերք` Նաթաշա եւ Նայիրի
Տէր եւ տիկին Քեմիլ եւ Լորա Նահուրի եւ զաւակները` Լուայ եւ Մակի
Տէր եւ տիկին Գէորգ եւ Արսինէ Ապաճեան եւ զաւակը` Անտրէաս
Տէր եւ տիկին Արմէն Կիւլտալեան եւ զաւակունք
Տիար Վահան Տեմիրճեան եւ զաւակունք
Արժ. Տ. Արտակ քհնյ. եւ երէցկին Տեմիրճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Ազնիւ Տեմիրճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Նազօ եւ Թագուշ Տեմիրճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յարութիւն եւ Ռիթա Առաքելեան եւ զաւակունք
Ապաճեան եւ Տեմիրճեան ընտանիքներ
Կիւլտալեան եւ Հարզուարթեան ընտանիքներ
Աթքինսըն եւ Նահուրի ընտանիքներ
Տէր Խաչատուրեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հարազատին`
ԱՐԱՄ ԱՊԱՃԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1923-ին)
մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 21 հոկտեմբեր 2017-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր՝ հինգշաբթի, 26 հոկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ «Տիրան Պապիկեան» սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, իսկ ուրբաթ, 27 հոկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
—————————————-
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՎԻԳԷՆ ԱՂԱՍԱՐԳԻՍԵԱՆի մահուան 9-րդ տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 29 հոկտեմբեր 2017-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————-
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԳԱՍՊԱՐ ԻՓԷԿԵԱՆ»
ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲ
ՅՈՒՇ-ԵՐԵԿՈՅ
Նուիրուած`
Բեմադրիչ եւ դերասան ՍԻՄՈՆ ՄՆԱԿԵԱՆի
Տեղի կ՛ունենայ ուրբաթ, 27 հոկտեմբեր 2017-ին երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Սիմոն Վրացեան» մասնաճիւղի սրահին մէջ, Պուրճ Համուտ:
ՀՐԱՒԷՐ
—————————————-
Հովանաւորութեամբ` Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան
Նախագահութեամբ`
ՏԻԿԻՆ ՈՍԿԻ ԿԵՐԵՔՄԵԶԵԱՆԻ
Կազմակերպութեամբ`
Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան
Մասնակցութեամբ`
ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերուն
եւ
«Վարդուհի Տեկիրմենճեան» խոհանոցի յանձնախումբին`
ՏՈՀՄԻԿ ՕՐ
Հայկական աւանդական ճաշերու-անուշեղէններու վաճառք
Գեղարուեստական յայտագիր եւ հաճելի անակնկալներ
Տեղի կ՛ունենայ շաբաթ, 28 հոկտեմբեր 2017-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն սկսեալ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակին վրայ:
Մթնոլորտը կը ճոխացնեն հաղորդավար Սեւան Ադամեան, երգիչներ Շաքէ Պաղտասարեան եւ Սեւան Մեթլեան:
Մանուկներու յատուկ յայտագիր` կէսօրուան ժամը 1:00-ին, մասնակցութեամբ «Փոքրերու աշխարհ» խումբին:
ՀՐԱՒԷՐ
—————————————-
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Պաշտպանութեան նախարարութիւն- բանակի ընդհանուր հրամանատարութիւնը կը յայտարարէ, որ կարիքը ունի կամաւորագրելու սպայ ուսանողներ բանակի ցամաքային ուժերուն, ծովուժին եւ օդուժին, ներքին ապահովութեան ուժերուն, Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն, Պետական անվտանգութեան ուժերուն եւ մաքսատան ուժերուն համար, մրցումներու ճամբով:
Մրցումներուն կրնան մասնակցիլ քաղաքայիններ եւ զինուորական (միայն արական սեռէն), պայմանով որ աւարտած ըլլան պետական պաքալորէայի երկրորդական բաժինը կամ պաշտօնապէս անոր հաւասարող վկայական մը ունենան:
Պայման է, որ երկրորդականը աւարտող անհատը 12/20 նիշը եւ անկէ աւելին ապահոված ըլլայ եւ կամ ներկայացնէ 2014 թուականին կրթութեան նախարարութեան կողմէ տրամադրուած վկայագիրը:
Հետաքրքրուողներէն կը խնդրուի դիմել Սպայից վարժարան` աշխատանքային պաշտօնական ժամերուն, 9 հոկտեմբեր 2017 – 10 նոյեմբեր 2017 երկարող ժամանակաշրջանին:
Պահանջուած պետական փաստաթուղթերուն վերաբերող մանրամասնութիւններուն համար դիմել
Հայկական երեսփոխանական գրասենեակ:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
—————————————-
Անուանակոչութիւն Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Եւ Մատաղօրհնէք
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, թէ այս տարի` 29 հոկտեմբեր 2017-ին, Գիւտ խաչի կիրակի օրը մեծ հանդիսութեամբ պիտի նշուի Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը: Այս առիթով շաբաթ երեկոյեան տեղի պիտի ունենայ հսկում, իսկ կիրակի օր` հանդիսաւոր պատարագ եւ աւանդական մատաղի օրհնութիւն:
Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին
| Շաբաթ երեկոյեան` | ժամը 7:00-ին |
| Կիրակի սկիզբ ժամերգութեան` | ժամը 8:00-ին |
| Ս. պատարագ` | ժամը 9:30-ին |
| Քարոզ` | ժամը 10:30-ին |
| Մատաղօրհնէք` | ժամը 11:30-ին |
Կոչ կ՛ուղղենք հաւատացեալ ժողովուրդին, որ իր ներկայութեամբ ու գործօն մասնակցութեամբ վերանորոգուի եւ հաղորդուի օրուան Ս. խորհուրդով:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
—————————————-
Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆ
Յայտարարութիւն
Կիրակի, 29 հոկտեմբեր 2017-ին, Գիւտ խաչի կիրակին, եկեղեցւոյս անուանակոչութեան տօնն է:
Այն հաւատացեալները, որոնք կը փափաքին ոչխար նուիրել կամ մասնակցիլ նիւթական նուէրով, թող բարի ըլլան կապ պահել թաղականութեան քարտուղարութեան հետ:
Հեռ. 01-981102/3, ամէն օր ժամը 8:00-1:00:
Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————-
ԽԱՉԻ ԳԻՒՏԻ ՏՕՆԻՆ
ԵՒ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅՍ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ
Սիրով կը հրաւիրենք ձեզ
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ
զոր պիտի մատուցէ
ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ԵՒ ԳԵՐԵՐՋԱՆԻԿ
ՏԷՐ ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի.
Կաթողիկոս պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց
Կիրակի, 29 հոկտեմբեր 2017, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, Զալքա:
Յաւարտ Ս. պատարագի` մատաղօրհնէք եւ աջահամբոյր:
—————————————-
Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան
Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան
ճեմարանի Շրջանաւարտներու միութիւն
2016-2017 Տարեշրջանի` «Լուսին Մալիքեան» Սերունդի Շրջանաւարտներու Ընդունելութիւն Եւ Յիշատակի Երեկոյ
Տեղի կ՛ունենայ կիրակի, 29 հոկտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին մէջ, Մըզհեր:
ՀՐԱՒԷՐ
—————————————-
ԿԵՍԱՐԻՈՅ ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ
ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Սաներու Արձանագրութիւն
Նոր տարեշրջանի արձանագրութիւնները նախկին եւ նոր սաներու համար պիտի կատարուին 1 հոկտեմբերէն մինչեւ 31 հոկտեմբեր, ամէն երկուշաբթի, չորեքշաբթի եւ շաբաթ օրերը, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 2:00, մեր միութեան տան մէջ, Զալքա, «Հարուն» հիւանդանոցին դիմաց, հեռ. 01/875765:
Կարեւոր
1.- Դիմողները իրենց հետ պէտք է ունենան փաստաթուղթ մը, որ ցոյց տայ աշակերտին դպրոց արձանագրուած ըլլալը եւ նոր դիմողին համար իխրաճ քայտ այիլին:
2.- Վերոյիշեալ թուականէն ետք դիմումները նկատի պիտի չառնուին:
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
—————————————-
ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
2017-2018 Կրթանպաստի
Արձանագրութիւններ
Այսու կը յայտնենք, թէ Լիբանանի Տիգրանակերտի հայրենակցական միութեան վարչութիւնը սկսած է ընդունիլ կարիքաւոր հայրենակիցներուն 2017-2018 տարեշրջանի կրթանպաստի դիմումները:
Հայրենակիցներէն կը խնդրուի հեռաձայնել հետեւեալ թիւերուն` 01-267068, 03-956957:
Ընդունման վերջին պայմանաժամն է 29 նոյեմբեր 2017-ը:
Բարի վերամուտ բոլորին:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏԻ
ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
—————————————-
ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Արաքս փողոց, 60 քառ. մեթր, Ա. յարկ: Հեռ. 70-946754:
—————————————-
365 ՕՐԵՐԷՆ ՕՐ ՄԸ`
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ԾԵՐԱՆՈՑԻՆ
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի Սեւան Պաղճեան իրենց հօր` Մինաս Մարթայեանի յիշատակին սանձնեցին օրուան մը ճաշի ծախսը` 300 տոլարով:
(25 հոկտեմբեր 2017)
—————————————-
Հանգուցեալ Պերճուհի Խարբութլեանի մահուան առիթով հետեւեալ նուիրատուութիւնները կատարուած են ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղին. տէր եւ տիկին Արամ Գուրքեճեան 100$, տէր եւ տիկին Վաչէ Գուրքեճեան 100$, տէր եւ տիկին Զարեհ Չրոյեան 100$, տիկին Զուարթ Գասարճեան 100$ եւ տէր եւ տիկին Վահան Գասարճեան 100$:
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ
«ՔՆԱՐ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Երգահանդէս
Հայրենի սիրուած երգիչ`
ՎԱՐԴԱՆ ՊԱՏԱԼԵԱՆ եւ «ՇԵՐԱՄ» ՀԱՄՈՅԹԸ
ՈՒՐԲԱԹ, 3 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2017-ԻՆ,
«ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ» ԹԱՏԵՐԱՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ:
—————————————-
ՀՅԴ «Ն. ԱՂԲԱԼԵԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ
ՎԱՐԴԱՆ ՊԱՏԱԼԵԱՆ ԵՒ ԻՐ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԸ
Ճաշկերոյթ
4 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2017
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ԼՕԽ-Ի «ԱՐՑԱԽ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ՏԱՐԵԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ
28 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2017
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
1, 2 եւ 3 դեկտեմբեր
«Արցախ ֆոնտ»-ի
«ԱՐՑԱԽԵԱՆ» տօնավաճառ
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
7-8 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2017
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ ԼԵՄ-Ի
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
9 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2017
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ
ԾՆՈՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ԿԱՂԱՆԴԻ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 14 ԵՒ ՈՒՐԲԱԹ,
15 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2017
ՏՕՆԱՎԱՃԱՌԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑԻԼ ՓԱՓԱՔՈՂՆԵՐԸ ԿՐՆԱՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆԵԼ ՀԵՏԵՒԵԱԼ ԹԻՒԵՐՈՒՆ. 03/905441 ԵՒ 70/962747
—————————————-
ՀԲԸՄ-ԼԻԲԱՆԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐԵՐ
ՈՒՐԲԱԹ 15, ՇԱԲԱԹ 16 ԵՒ
ԿԻՐԱԿԻ 17 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2017,
ՀԲԸՄ-Ի «ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ» ԿԵԴՐՈՆ:
—————————————-



