Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 25 հոկտեմբերին ընդունած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփրչիքը:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցումով` հանդիպումին քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծին մէջ տիրող իրավիճակին վերաբերող շարք մը հարցեր:
Հանդիպում Նախարար Լեւոն Մնացականեանի Հետ
24 հոկտեմբերին Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար, պաշտպանութեան բանակի հրամանատար, զօր. Լեւոն Մնացականեան ընդունած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփրչիքը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին մէջ նախորդ օրերուն ստեղծուած լարուած իրադրութիւնը: Յատկապէս` բանակի հրամանատարը դեսպան Քասփրչիքին ներկայացուցած է ազրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ «ՍՓԱՅՔ» տիպի հակազրահապատային կառավարուող հրթիռներու եւ ականանետերու կիրարկման մասին ապացոյցներ:


