Վարչապետ Սաատ Հարիրի, որ այսօր կէսօրէ առաջ վարչապետարանին մէջ պիտի նախագահէ կառավարութեան ընթացիկ նիստին, երէկ նախագահեց ընտրական օրէնքի գործադրութեան նախարարական յանձնախումբի նիստին:
Ներկայ գտնուեցան նախարարներ Նուհատ Մաշնուք, Ալի Հասան Խալիլ, Ժըպրան Պասիլ, Մոհամետ Ֆնէյշ, Ալի Քանսօ, Թալալ Արսլան, Եուսեֆ Ֆընիանոս, Փիեռ Ապու Ասի եւ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ֆուատ Ֆլեյֆել:
Միւս կողմէ, վարչապետ Հարիրի ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը ռուսական զինուորական սարքերով օժտելու, տնտեսական, երկրագործական եւ մշակութային առումով լիբանանեան-ռուսական գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներուն Ռուսիա մուտքի արտօնագիր շնորհելու հոլովոյթը դիւրացնելու կարելիութիւնները:
Հարիրի ընդունեց նաեւ գաղթականութեան հարցերու նախարար Թալալ Արսլանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ընդհանուր իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նախարարութեան վերաբերող հարցեր:


