
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի լողարշաւի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Լիբանանի լողարշաւի բաց ախոյեանութիւնը (5 քմ): Այս ախոյեանութիւնը, որ սկիզբ առաւ Աքուամարինա ակումբէն, աւարտեցաւ նոյն վայրին մէջ, երբ տեղի ունեցան երթուդարձի մրցումները, տարբեր դասակարգերուն մէջ:
Ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին հետեւեալ 9 ակումբները, որոնք անդամ են ֆետերասիոնին. Մոն լա Սալ, Աշմուն, Աքուամարինա, Սաթելիթի, Մըթայլեպ, Նաժահ, Ժեզիրա, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» եւ Լիբանանեան բանակ:
Մեծերու դասակարգին մէջ (շուրջ 5 հազար մեթր) առաջին դիրքը գրաւեց եւ բացարձակ ախոյեան հանդիսացաւ Սեւակ Տեմիրճեան (Սաթելիթի), որ արձանագրեց 54′ 04″ 35 արդիւնք մը:
Լիբանանեան բանակին մաս կազմող Ժաք Մըխայել հանդիսացաւ երկրորդ (1 ժամ 04′ 48″ 50):
Տեղի ունեցան նաեւ 12-13 (տղաք եւ աղջիկներ), 14-15 (տղաք եւ աղջիկներ), 16-17 (աղջիկներ), 18 (տղաք) եւ մեծերու (տղաք եւ աղջիկներ) դասակարգերու մրցումները:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի լողարշաւի ֆետերասիոնի անդամներուն:


