Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Վլատիմիր Սաֆրոնքովի կիրարկած վեթոն տապալեց Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի գործածութեան վերաբերեալ հետաքննութիւնը երկարաձգելու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուած ամերիկեան ծրագիրը:
ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Վասիլի Նեպենզիա յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցած ծրագիրին նպատակը Սուրիոյ մէջ ռուսական դերակատարութեան նենգափոխումն է` աւելցնելով, որ Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի գործածութեան վերաբերեալ հետաքննութեան յանձնախումբը մինչեւ հիմա իր անկարողութիւնը փաստած է:
«Մենք կը սպասենք հրապարակումը քիմիական զէնքի գործածութեան վերաբերեալ հետաքննութեան յանձնախումբի զեկուցումին, որպէսզի անոր աշխատանքը երկարաձգելէ առաջ զայն սերտենք», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Այդ յանձնախումբին գործունէութիւնը երկարաձգելու կարիքը չկայ»:
Նեպենզիա յայտնեց, որ Ուաշինկթընի կողմէ այդ յանձնախումբի աշխատանքին երկարաձգման ձգտելուն պատճառը այն է, որ ան նախքան հրապարակումը տեղեակ է անոր զեկուցումէն` շեշտելով, որ ամերիկեան վարչակազմը Դամասկոսը ամբաստանեց քիմիական զէնք գործածելու յանցանքով` առանց հիմնուելու փաստերու վրայ:
ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու մնայուն դեսպան Նիքի Հէյլի ցաւ յայտնեց Ռուսիոյ վեթոյին համար:
Ան անցեալ շաբաթ Ապահովութեան խորհուրդէն պահանջած էր «անմիջապէս» յանձնախումբի առաքելութեան ժամկէտը երկարաձգել:
Կը նախատեսուի, որ փորձագէտները հինգշաբթի հրապարակեն իրենց զեկուցումը 4 ապրիլին Խան Շէյխունի մէջ սարին կազով 83 զոհ պատճառած յարձակումին շուրջ: Զեկուցումը կրնայ յարձակումին մեղսակցութեան համար Սուրիոյ ուղղուած ամբաստանութիւն մը բովանդակել:
Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա եւ Բրիտանիա Դամասկոսը ամբաստանած են Խան Շէյխունի մէջ քիմիական յարձակումին ետին կանգնելու յանցանքով: Դամասկոս կը մերժէ այդ ամբաստանութիւնը:


