Փեշմերկաներուն եւ իրաքեան աշխարհազօրին միջեւ երէկ առաւօտեան բախումներ տեղի ունեցած են Սուրիա-Իրաք սահմանին վրայ: «Արմէնփրես» կը նշէ, որ այդ մասին յայտարարած է Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի աւագ խորհրդական Հեմին Խաւրամին:
Քրտական ինքնավար մարզի անվտանգութեան խորհուրդը մէկ օր առաջ յայտնած էր, որ վերջին երկու օրերուն ընթացքին Իրաքի իշխանութիւնները շարունակած են հրասայլերու, հրետանիի, ինչպէս նաեւ ամերիկեան սպառազինութեան տեղակայումը:
«Այսօր առաւօտեան Մահմուտիայի մէջ` Ռապիայի մօտ, ժողովրդական աշխարհազօրի ջոկատները յարձակում գործած են փեշմերկա ուժերուն վրայ: Փեշմերկան դիմադրած է այդ յարձակումին եւ աշխարհազօրը ետ շպրտած Ռապիա` ոչնչացնելով երկու զրահապատ փոխադրիչ եւ երկու «Համվի», «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրած է Մասուտ Պարզանիի աւագ խորհրդականը:


