«Սի.Էն.Էն.»-ի հաղորդավար, ամերիկացի խոհարար Էնթընի Պըրտըն Արցախ այցելելուն պատճառով պիտի ընդգրկուի Ազրպէյճանի «անբաղձալի անձերու» ցանկին վրայ:
Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ այդ մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Հիքմեթ Հաճիեւ:
Էնթընի Պըրտըն հոկտեմբերին այցելած է Հայաստան ու Արցախ` իր «Էնթընի Պըրտըն. անծանօթ վայրեր» պատկերասփիւռի յայտագիրի նկարահանումներուն համար:
Ան հարցազրոյցներ կատարած է Շուշի քաղաքին մէջ, ճաշակած է ժենգեալով հաց, թթի օղի, խորոված եւ այլն:


