Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին վարչապետարանին մէջ ընդունեց Աւստրալիոյ ընդհանուր կառավարիչ Փիթըր Քոսկրովը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները, յատկապէս տնտեսական եւ առեւտուրի մարզերուն վերաբերեալ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու տագնապը եւ Լիբանանի վրայ այդ տագնապին ունեցած հետեւանքները:
Հանդիպումին աւարտին Քոսկրով Հարիրիին յանձնեց Աւստրալիա այցելութեան հրաւէր մը:
Վարչապետարանին մէջ Հարիրի նախագահեց նաեւ հանդիպումի մը, որուն ներկայ գտնուեցան ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան, երկրագործութեան նախարար Ղազի Զաայթեր, երեսփոխաններ Ուաէլ Ապու Ֆաուր եւ Զիատ Քատիրի, ինչպէս նաեւ գետնախնձորի ցանքի եւ առեւտուրի պատասխանատու գիւղատնտեսներ:
Քննարկուեցան ընդհանրապէս երկրագործութեան եւ յատկապէս Լիբանանի մէջ արտադրուած գետնախնձորը Յորդանան արտածելու վերաբերող հարցեր:
Հարիրիի այցելեց նաեւ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս, որ յայտնեց, թէ վարչապետին հետ քննարկած է Պէյրութի միջազգային օդակայանին եւ ճամբորդներուն անվտանգութեան վերաբերող խնդիրներ:
Ֆընիանոս ընդգծեց, որ Քաղաքացիական օդանաւորդութեան միջազգային կազմակերպութիւնը գոհունակութիւն յայտնած է Պէյրութի միջազգային օդակայանին աշխատանքին եւ անոր որդեգրած միջոցառումներուն առնչութեամբ:
Միւս կողմէ, Հարիրի պատասխանեց Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիին` շեշտելով, որ Լիբանան արաբական անկախ երկիր մըն է, որ կը մերժէ ամէն տեսակի հոգատարութիւն, ինչպէս նաեւ կը մերժէ իր արժանապատուութեան վարկաբեկումը:
Օր մը առաջ Ռուհանի թուիթըրեան գրառումի մը մէջ նշած էր, թէ Լիբանանի մէջ ոչ մէկ որոշում կը տրուի առանց Իրանի:
ՆՇԵՆՔ, որ կառավարութիւնը իր յաջորդ ընթացիկ նիստը պիտի գումարէ, հինգշաբթի, 26 հոկտեմբեր 2017-ին, վարչապետարանին մէջ` նախագահութեամբ Հարիրիի:


