Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաւիթ Բաբայեանը` Սահմանային Լարուածութեան Մասին. «Ի Վերջոյ Պէտք Է Հասկնանք, Որ Մեր Դրացին Լիւքսամպուրկը Չէ»

October 24, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախանցեալ օր սահմանին վրայ տեղի ունեցած դէպքերը անգամ մը եւս կ՛ապացուցեն, որ անհրաժեշտ է կեանքի կոչել զինադադարի խախտման հետաքննական մեքանիզմներու ներդրումը: Այս մասին «Երկիր»-ի հետ  զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Արցախի նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեան` անդրադառնալով շփման գիծին մէջ լարուածութեան աճին:

«Երկիր»-ի դիտարկման, թէ հետաքննութեան մեքանիզմ ստեղծելու հոլովոյթը կարծես փակուղի կը մտնէ, Բաբայեան արձագանգեց. «Կ՛ենթադրեմ` նախագահները քննարկած են հետաքննութիւններու  մեքանիզմներու ներդրման հարցը: Սահմանային հետաքննութիւններու  մեքանիզմներու ներդրման հարցը անընդհատ օրակարգի վրայ է»:

Բաբայեանի համաձայն, միջազգային հանրութիւնը իր յստակ եւ կարծր դիրքորոշումը պէտք է յայտնէ սահմանային նման դէպքերու վերաբերեալ:

Ան տեղեկացուց նաեւ, որ շուտով ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփրչիք մնայուն դիտարկում պիտի իրականացնէ արցախեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին մէջ:

Ըստ Բաբայեանի, նախագահներու հանդիպումէն ետք սահմանային իրավիճակի սրումը կը վկայէ, որ մենք գործ ունինք ահաբեկչական պետութեան հետ: «Մենք, ի վերջոյ, պէտք է հասկնանք, որ մեր դրացին  Լիւքսամպուրկը չէ, եւ մենք ունինք չլուծուած տագնապ: Ազրպէյճանական կողմը հանդիպումներէն առաջ կամ ետք առժամանակ որեւէ քայլի չդիմելու փոխարէն կը սրէ իրավիճակը, որովհետեւ ատիկա ահաբեկչութեան էութիւնն է», ըսաւ ան:

 

Նախորդը

Արցախի Պաշտպանութեան Բանակ. «Ազրպէյճանական Զինուժը Կիրարկած Է «Սփայք» Տիպի Կառավարուող Հակազրահապատային Հրթիռ»

Յաջորդը

Արմէն Ռուստամեան. «Ակնյայտ Է, Որ Պայմանաւորուածութիւնները Ազրպէյճանի Համար Ինքնանպատակ Են»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.