Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 24, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՄԲԱԳԻՐՆԵՐՈՒ սենտիքան ողջունեց Լիբանանի մէջ նոր լոյս տեսնելու սկսած «Իթթիհատ» օրաթերթի խմբագրութիւնը: Սենտիքան յաջողութիւն մաղթեց խմբագրութեան, որ հակառակ գրաւոր մամուլին դիմագրաւած դժուարութիւններուն, դիմած է նման նախաձեռնութեան` հաւատալով մամուլի առաքելութեան եւ պատգամին:

ԱՆՏԻՈՔԻ եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը երէկ Ուաշինկթընի մէջ մատուցուած պատարագին ընթացքին կոչ ուղղեց պահպանելու Լիբանանի կայունութիւնը եւ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու:

ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾՆԵՐՈՒ հարցով պետական նախարար Մույին Մերեհպի շեշտեց, որ ՄԱԿ կ՛աշխատի Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածները Սուրիա վերադարձնել յարմարագոյն պահուն:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ղաթթաս Խուրի շեշտեց, որ Լիբանան կը հպարտանայ տարբեր քաղաքակրթութիւններ ներկայացնող իր պատմական հնութիւններով եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ պահպանելու զանոնք:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ շեշտեց, որ «կառավարութենէն մեր նախարարներուն հրաժարիլը քննարկումի ենթակայ է»: Անդրադառնալով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան եւ Մարատա հոսանքին միջեւ հանդիպումին` Քարամ յայտնեց, որ ոչ ոքի արտօնուած է իրենց յարաբերութիւններուն միջամուխ դառնալ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ ընդգծեց, որ կառավարութենէն հրաժարիլը Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան շահերուն չի ծառայեր:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուար Սահիլի շեշտեց, որ դատական իշխանութիւններուն վերաբերող նշանակումներուն գծով Պաալպեք-Հերմելի շրջանը անիրաւուած է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա շեշտեց, որ անցեալ շաբթուան ընթացքին գումարուած պետական ամավարկի վաւերացման նիստերը յաւելաբանութեան նիստեր էին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ դրամատուներու միութեան նախագահ Ժոզեֆ Թարապէյ շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ իրենց մասնակցած` Կեդրոնական դրամատան եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին նիստերուն ընթացքին ընդգծած են, որ Լիբանանի տնտեսութիւնը պէտք է զերծ կացուցել ամերիկեան Քոնկրեսին պարտադրելիք նիւթական պատժամիջոցներէն:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Ռամի Ռայես շեշտեց, որ ներքին լիբանանեան քաղաքական համաձայնութեան մասին հարցման նշաններ արձանագրուած են` նկատի ունենալով այդ համաձայնութեան դէմ արձանագրուած կեցուածքները:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ իրենք պիտի դիմադրեն քաղաքական բախումներու մտայնութեան` շեշտելով, որ իրենց շրջանները կարիք ունին բարգաւաճման եւ ոչ թէ բանավէճերու ու յաւելեալ տագնապներու ցուցադրութեան:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ ընդունեց Լիբանանի մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան դեսպան Աշրաֆ Տապպուրը: Քննարկուեցան պաղեստինեան ներքին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի պաղեստինեան գաղթակայաններուն վերաբերող հարցեր:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Սէուտական Արաբիա վարչապետ Սաատ Հարիրիէն պիտի խնդրէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցիլ առանց դաշնակցելու Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն կը պատրաստուի արաբական իր շրջապտոյտներուն սկսիլ յառաջիկայ ամսուան սկիզբը: Սէուտական Արաբիա, Քաթար եւ Եգիպտոս կատարած իր այցելութիւններէն ետք, նախագահ Աուն 5 նոյեմբերին պիտի այցելէ Քուէյթ, ուր պիտի հանդիպի Քուէյթի իշխան շէյխ Սապահ Ահմետ Ժապեր Սապահի հետ:

Նախորդը

Զուիցերիոյ Մէջ Լաթվիացի Անչափահաս Մը Կացինով Յարձակում Գործած Է Անցորդներու Դէմ

Յաջորդը

Բանակն Ու Ապահովութեան Ուժերը Կը Ձերբակալեն Յանցագործներ

RelatedPosts

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին

September 17, 2026
Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է,  Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ  Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական  Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»
Լիբանանեան

Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է, Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.