Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Միացեալ Նահանգներ Իրանի Դէմ Պատժամիջոցները Խստացնելու Համար Կարիքը Չունին Եւրոպական Միութեան Աջակցութեան» Կ՛ըսէ Թրամփ

October 24, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ ինք դէմ չէ, որ եւրոպական երկիրները շարունակեն առեւտրական բնագաւառին մէջ համագործակցիլ Իրանի հետ, եւ որ Իրանի դէմ պատժամիջոցները խստացնելու համար իր երկիրը Եւրոպական Միութեան աջակցութեան կարիքը չի զգար: Թրամփ այս մասին ըսած է «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին:

«Ես անոնց ըսի` անոնք ընկերներս են, ես անոնց բոլորին հետ լաւ յարաբերութիւններու մէջ եմ` ըլլայ անիկա Էմանուէլ Մաքրոնը, թէ՛ Անկելա Մերքելը, թէ՛ այլ մէկը: Ես անոնց ըսի` շարունակեցէք գումար հաւաքել, մի՛ մտահոգուիք, դուք ատոր համար մեզի պէտք չէք», ըսած է Թրամփ:

Ան նշած է, որ Իրան միլիոնաւոր տոլարներու ապրանք կը գնէ Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն եւ Եւրոպական Միութեան անդամ այլ երկիրներէ:

«Անոնք նոյնիսկ կ՛ուզէին մեզմէ «Պոյինկ» օդանաւեր գնել: Տեսնենք, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ այդ գործարքին հետ», ըսած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ վերջերս դարձեալ քննադատած էր Իրանի հետ կնքուած հիւլէական համաձայնագիրը: Թրամփ խոստացած էր յաւելեալ պատժամիջոցներ սահմանել Իրանի դէմ` այդ երկիրը մեղադրելով ահաբեկչութեան աջակցելու յանցանքով: Թրամփի կարծիքով` Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Պարաք Օպամայի օրով կնքուած համաձայնագիրը անյաջող է եւ չի բխիր Միացեալ Նահանգներու շահերէն:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ ի պատասխան Թրամփին յայտարարած էր, որ Թեհրան դուրս պիտի գայ հիւլէական ծրագիրին շուրջ պատմական ծրագիրէն, եթէ միջազգային ընտանիքին անդամները փորձեն վերականգնել Իրանի դէմ պատժամիջոցները:

Անդրադառնալով այս բոլորին` Եւրոպական Միութիւնը ընդգծած է Իրանի հիւլէական ծրագիրին վերաբերեալ գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրի պահպանութեան անհրաժեշտութիւնը:

«Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրը Եւրոպական Միութեան միջնորդութեամբ 12 տարուան դիւանագիտական ջանքերու արդիւնքն է, որ միաձայնութեամբ հաւանութեան արժանացած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2231 բանաձեւին մէջ: Անիկա հիւլէական զէնքը չտարածելու համաշխարհային ճարտարապետութեան առանցքային բաղադրիչն է եւ որոշիչ նշանակութիւն ունի շրջանի անվտանգութեան ապահովման համար», նշուած է Պրիւքսելի որդեգրած բանաձեւին մէջ:

Նախորդը

Փաքիստան Կը Բանակցի Ազրպէյճանի Հետ «Հիւսիս-Հարաւ» Միջանցքին Միանալու Համար

Յաջորդը

Իտալիոյ Լոմպարտի Եւ Վենեթօ Շրջանները Քուէարկեցին Ի Նպաստ Յաւելեալ Ինքնավարութեան

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի  Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»
Միջազգային

Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»

October 29, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ  Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են
Միջազգային

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.