Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն այսօր շրջապտոյտի կը ձեռնարկէ Ծոցի երկիրներուն մէջ` շրջանին, յատկապէս` Քաթարի առնչուող տագնապին բարւոք լուծման նախաձեռնութեամբ:
Երէկ, նախքան իր Ռիատ ժամանումը, Թիլըրսըն «Պլումպըրկ» գործակալութեան հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին յոռետեսութեամբ արտայայտուեցաւ` անհաւանական նկատելով մօտալուտ բարւոք լուծում Քաթարի եւ գլխաւորաբար Սէուտական Արաբիոյ միջեւ ծագած տագնապին առնչութեամբ:
Ամերիկացի դիւանագէտը Ռիատի եւ անոր դաշնակիցներուն վերագրեց Ծոցի տագնապի շարունակման պատասխանատուութիւնը:
Թիլըրսըն վերահաստատեց, որ հաղորդակցութեան դռները տակաւին «բաց են» խաղաղութեան համար` միաժամանակ նշելով բանակցութեան չկամութիւնը պատկան կողմերուն միջեւ:
Ամերիկացի նախարարին այս այցելութիւնը կու գայ նոյն ծիրին մէջ վերջերս Քուէյթի իշխանին Սէուտական Արաբիա կատարած այցելութենէն ետք:


