Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի, Կիպրոսի Եւ Յունաստանի Միջեւ Համաձայնութիւն` Երեք Երկիրներու Սփիւռքներուն Միջեւ Կապերը Ամրապնդելու

October 21, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` ուրբաթ, 20 հոկտեմբեր 2017-ին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի, Կիպրոսի նախագահի` մարդասիրական եւ արտերկրեայ հարցերով յանձնակատար Ֆոթիու Ֆոթիսի եւ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Թերենս Նիքոլաոս Կուիկի միջեւ տեղի ունեցաւ Հայաստանի, Կիպրոսի եւ  Յունաստանի սփիւռքի հարցերու համակարգման ուղղութեամբ առաջին եռակողմանի հանդիպումը:

Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան եւ Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահի` մարդասիրական եւ արտերկրեայ հարցերով յանձնակատարի գրասենեակին միջեւ Երեւանի մէջ 19 յունիս 2017-ին ստորագրուած Սփիւռքի հարցերու շուրջ համագործակցութեան վերաբերեալ Փոխըմբռնման յուշագիրի հիման վրայ:

Հանդիպումը հաստատեց պաշտօնական երկխօսութիւն եւ յատկանշուեցաւ հայ, կիպրացի եւ յոյն ժողովուրդներուն միջեւ  պատմական բարեկամական յարաբերութիւններուն ամրապնդումով եւ, միացեալ ծրագիրներու միջոցով, միջկառավարական երկխօսութեան զուգահեռ, անոնց միջեւ մշակութային, կրօնական եւ տնտեսական ամուր կապերը իբրեւ երեք երկիրներ` իրենց սփիւռքեան համայնքներուն սատարելու պատրաստակամութեան եւ անոնց միջեւ փոխըմբռնման ու սերտ համագործակցութեան արտայայտութեամբ:

Երեք կողմերը համաձայնեցան նաեւ արտերկրի մէջ իրենց կազմակերպուած սփիւռքներուն միջեւ համագործակցութեան   սերտացումը խրախուսելու` երիտասարդներու աշխուժ  մասնակցութեամբ: Հանդիպումին որոշուեցաւ յաջորդ տարուան գարնան Ֆրանսայի մէջ հրաւիրել երեք սփիւռքներու երիտասարդներու եռակողմանի հանդիպում, որպէսզի այս կարեւորագոյն փոխադարձ գործակցութիւնը վերածուի գործնական եւ յստակ աշխատանքի եւ  իր նպաստը բերէ սփիւռքի հարցերու վերաբերեալ լաւագոյն փորձի եւ  գիտելիքի փոխանակման:

«Ազդակ» Կապ Հաստատեց Կիպրոսի Խորհրդարանի Անդամ,
Հայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանին Հետ

Յաւելեալ մանրամասնութիւններ ստանալու համար կնքուած համաձայնութեան մասին, «Ազդակ» հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Կիպրոսի խորհրդարանի անդամ, հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանին հետ, որ նախ եւ առաջ տեղեկացուց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի եւ Սփիւռքի հարցերու

Կիպրոսի նախագահական յանձնակատար Ֆոթիս Ֆոթիուի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման մասին, որուն ինք եւս ներկայ եղած է: Հանդիպումին քննարկուած են Կիպրոսի եւ Հայաստանի սփիւռքներու միջեւ գործակցութեան մարզին մէջ

համաձայնագիրի իրագործման գործնական քայլերու հետապնդման ձեւերը:

Կիպրոսի Խորհրդարանի անդամ Վարդգէս Մահտեսեան ըսաւ, որ նշեալ համաձայնագիրով երեք երկիրները պիտի նպաստեն ակադեմական հիմնարկներու, մշակութային կեդրոններու, լրատուական խումբերու եւ գիտական կեդրոններու միջեւ միացեալ տեղեկատուական փոխանակման նախաձեռնութիւններու եւ նախագիծերու խթանման:

Հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան շեշտեց, որ Հայաստանի, Կիպրոսի եւ Յունաստանի միջեւ գոյացած նշեալ համաձայնագիրը մեծ նշանակութիւն ունի եւ անոր գործադրութեան  կարեւորութիւնը ի շահ երեք երկիրներուն պիտի ըլլայ` մշակութային, տնտեսական, յարաբերական, ժողովուրդներու միջեւ կապերու սերտացման եւ կրօնական մակարդակներուն վրայ` աւելցնելով, որ  երեք երկիրներու սփիւռքներու կազմակերպութիւններուն միջեւ կապերու սերտացումը նոյնպէս պէտք է մեր օրակարգին վրայ ըլլայ` գործնականացնելու համար համաձայնագիրին կէտերը:

 

Նախորդը

Նալբանդեան. «Ժընեւի Վեհաժողովէն Ետք Զինադադարի Խախտումները Կը Շարունակուին»

Յաջորդը

Արցախի Նախագահը Հանդիպում Ունեցած Է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Առաջինի Հետ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.