Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները:
Ռիչըրտ Պասիլին ներկայացուց Միջին Արեւելքի եւ Իրանի մասին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի քաղաքական կեցուածքները:
Պասիլի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին, որ յայտնեց, թէ Պասիլի հետ քննարկած է շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու իմաստով ի գործ դրուող ջանքերը, որոնք աւելի մեծ թափով կ՛ընթանան ահաբեկչութեան դէմ պայքարին արձանագրած յաջողութիւններուն լոյսին տակ:
Զասիփքին ընդգծեց միջսուրիական հաշտութեան եւ երկխօսութեան կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ այդ իմաստով իրենք կը գործակցին սուրիական իշխանութիւններուն եւ ՄԱԿ-ին հետ:
Սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Զասիփքին յայտնեց, որ միջազգային ընտանիքը համաձայն է տեղահանուածներու տունդարձին, սակայն տարբեր երկիրներու տեսակէտները կը տարբերին այդ տունդարձի ձեւին իմաստով:
«Սկզբունքային համաձայնութիւն կայ, սակայն տարակարծութիւնը կը վերաբերի տունդարձը կազմակերպելու գործիքակազմին», ըսաւ Զասիփքին:
Ան նշեց նաեւ, որ սուրիական կառավարութեան հետ գործակցութիւնը եւս կարեւոր է տեղահանուածներու տունդարձին իմաստով, սակայն այդ գործակցութեան շուրջ պէտք է միջլիբանանեան համախոհութիւն գոյացնել:
Պասիլի այցելեց նաեւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար:
Պասիլ ընդունեց Միջազգային կարմիր խաչի նախագահ Քրիսթոֆ Մարթենը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի դիմագրաւած հարցերը, յատկապէս ինչ կը վերաբերի Լիբանանի վրայ սուրիացի տեղահանուածներու հարցին ունեցած հետեւանքներուն:
Հանդիպումին ընթացքին Պասիլ անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին անյայտ կորսուած անհատներուն ճակատագիրը իմանալու կարեւորութեան` հաստատելով, որ անոնց ճակատագիրը իմանալու իրաւունքը սուրբ է:


